ԶԱՀԼԷԻ ՄԷՋ 7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԵՑԱՆ

Զբօսաշրջիկներու` ճամբեզրին լքուած հեծանիւները

Երէկ երեկոյեան 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներ անյայտ պատճառներով կորսուեցան Զահլէի մէջ:

Էսթոնիացի զբօսաշրջիկները հեծելանւորդներ էին, որոնք իրենց հեծանիւներով կը գտնուէին Զահլէի մէջ, երբ երկու սպիտակ փոխադրակառքեր եւ «Մերսետես» տիպի սեւ ինքնաշարժ մը հետապնդեցին զբօսաշրջիկները եւ անոնց մէջ գտնուող զինեալները բռնի ուժով կեցուցին զանոնք ու տեղափոխեցին դէպի անյայտ վայր մը:

Նշենք, որ զբօսաշրջիկները երեկոյեան ժամը 6:00-ին լիբանանեւսուրիական Մասնայի սահմանէն մուտք գործած էին Լիբանան:

Լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը արդէն իսկ աշխատանքի լծուած են զբօսաշրջիկները փնտռելու առումով:

Share this Article
CATEGORIES