ՔԻՉ ՄԸ ՓՈԽԵ՛ՆՔ

Վստահաբար շատեր արդէն իսկ յարդարած ու զետեղած են Նոր տարուան տօնածառը. ոմանք շաբաթավերջը կը սպասեն, որպէսզի իրենց զաւակներուն հետ յարդարեն զայն: Բայց մեծ է թիւը նաեւ անոնց, որոնք ձանձրացած են աւանդական տօնածառէն` ըլլայ անիկա իսկական թէ արհեստական եւ կը փնտռեն նոր գաղափար մը:

Այսօրուան էջը յատկացուցած ենք տարբեր տեսակներու. ընթերցողը կրնայ գտնել իր սրտին խօսողը, բայց նաեւ` տնեցիներուն ճաշակին յարմարողը եւ, վերջապէս, տան ընդհանուր յարդարանքին սազողը:

Այս էջով տրուած տօնածառերուն մէկ մասը կը կարօտի խաւաքարտի, փայտեայ կառոյցի (ատաղձագործին օգնութեամբ), ելեկտրական պսպղուն լոյսերու եւ կամ մանր-մունր գեղօրներու:

Ի՛նչ ալ ըլլայ ձեր ընտրութիւնը, կը բաւէ, որ զայն իրագործած ըլլաք ձեր ձեռքերով եւ ձեր սրտով` գոհացնելու համար ձեր հարազատները, բայց մանաւանդ` երեխաները:

Յառաջիկայ շաբաթներու կնոջական էջով պիտի ներկայացնենք Կաղանդի յատուկ յարդարանքներ (սեղանի, մուտքի դրան, սեղանի եւ այլն…), ինչպէս նաեւ` տօնական օրերու յատուկ կերակուրներ եւ անուշեղէնններ:

Բացատրութիւն

Առէք կարծր խաւաքարտ մը, տօնածառի ձեւով կտրեցէ՛ք զայն, ապա վրան պատահական ձեւով փակցուցէք երաժշտական խազեր: Զարդարեցէ՛ք կարմիր գունդերով:

Պատին վրայ հաստատեցէք տարբեր չափի եւ կանաչի տարբեր երանգի թուղթեր: Մատիտով մը գծեցէ՛ք տօնածառի մը շրջաստուերը, ապա տօնածառի յատուկ պսպղուն լոյսերով զարդարեցէք զայն: Կատարին զետեղեցէք ոսկեայ կամ արծաթեայ աստղ մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ընտրեցէք միագոյն (ճերմակ, կարմիր, ոսկեգոյն...), տարբեր չափի նամակի պահարաններ եւ զանոնք եռանկիւնաձեւ (տօնածառի ձեւով) փակցուցէք պատին կամ դրան վրայ: Իւրաքանչիւրին մէջ կրնաք զետեղել բարեմաղթութիւններու բացիկ մը եւ Նոր տարուան գիշերը բաժնել ներկաներուն:

Կարմիր, լայն ժապաւէնով պատին վրայ կազմեցէք տօնածառի մը շրջաստուերը: Ապա չորս շարք հորիզոնական ժապաւէն հաստատեցէք եւ անոնցմէ կախեցէք կարմիր եւ արծաթագոյն տօնածառի զարդեր (նախապատուութիւնը տուէք թեթեւ տեսակներուն):

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ատաղձագործը թող շինէ տօնածառի ձեւով խաչաձեւ կառոյց մը (տեսնել նկարը), եւ զայն ճերմակ թող ներկէ: Տուն բերելէ ետք զայն հաստատեցէք գեղեցիկ կողովի մը մէջ եւ զարդարեցէք ճերմակ աստղերով, սրտիկներով եւ ձիւնի փաթիլներով:

Տունէն հաւաքեցէք այն, ինչ որ գտնէք` մանր գեղօրներ, «փորթ քլէ»ներ, Կաղանդի զարդարանքներ, պզտիկ շրջանակներ եւ այլն... Ապա երկերես խէժերիզով կամ յատուկ կպչուն կաւով հաստատեցէք հիւրասենեակին կամ նստասենեակին դրան վրայ` տօնածառի պատրանք ստեղծելով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կարմիր, նարնջագոյն (գոյները կարելի է որոշել ըստ ճաշակի) խաւաքարտի վրայ 3 հատ տարբեր չափի տօնածառեր կտրել: Գտնել 3 հատ ձեւաւոր ճիւղ, անոնց կեդրոնը ճեղք մը բանալ եւ խաւաքարտը ճեղքին մէջ հաստատել: Կոճղերը կարելի է զետեղել աւազով լեցուն պզտիկ գաւաթներու մէջ: Շուրջը զարդարել կարմիր մոմերով

Ճերմակ, հաստ խաւաքարտի մը տօնածառի ձեւ տալ, գագաթին զետեղել ճերմակ աստղ մը: Արծաթեայ թելով զիկզակներ կազմել եւ հաստատել քանի մը կարմիր գունդ: Աստղին վրայ զետեղել կարմիր ժապաւէն մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՕՆԱԾԱՌԸ

Մեծ ջրհեղեղէն ետք առաջին ձիւնը Մասիսի վրայ նստած է Հայկ Աղեղնաւորի հայր Թորգոմի ժամանակ: Այդ եղած է մեզմէ չորսուկէս հազար տարի առաջ:

Մինչ այդ ծառերն ու ծաղիկները ցուրտէն չէին վախնար եւ հայոց աշխարհը կը նմանէր մշտադալար զմրուխտ բուրաստանի:

Այդ ժամանակ հեթանոս հայերը Նոր տարին կը տօնէին գարնանամուտին: Անգամ մը, Նոր տարուան նախօրեակին, արտասովոր ցուրտեր իջան Մասիսի կատարէն եւ խուժեցին դաշտերն ու հովիտները: Ծառերը սկսան ցրտահարուիլ: Թորգոմը հող ու արմատով պոկեց տան բակի փոքրիկ ծիրանին ու տուն տարաւ: Իրենց նահապետի օրինակին հետեւեցան միւս թորգոմազունները: Մէկը իր բակի դեղձենին ներս տարաւ, միւսը` բալենին, երրորդը` բարդիի փոքրիկ ոստը, չորրորդը` եղեւինը: Հնչեց Նոր տարուան գալուստն ազդարարող ծնծղան, եւ սկսան տօնական ուրախութիւնները:

Մարդիկ չմոռցան տան կանաչ հիւրը: Պարեցին անոր շուրջը, զարդարանքներ ու նուէրներ նետեցին անոր ճիւղերուն:

Ծառը կարծես կը զարդարէր, շքեղաշուք կը դարձնէր տարեւմուտը:

Նոր տարիէն ետք, երբ տաքերը սկսան մարդիկ տուներէն հանեցին ծառերը եւ նորէն տնկեցին պարտէզներուն ու այգիներուն մէջ:

Յաջորդ տարուան նախօրեակին այդքան ցուրտ չեղաւ, սակայն մարդիկ պարտէզներէն դարձեալ ծառեր տարին տուն եւ նախորդ տարուան պէս ուրախութիւն սարքեցին անոնց շուրջ:

Այսուհետեւ հայկական ընտանիքներու պարագային բոլոր նոր տարիներու գալուստը կը տօնէին կանաչ ծառի կամ ոստի ներկայութեամբ:

Այսպէս, ծառը դուրսէն տուն մտաւ ու դարձաւ տօնածառ:

 

ՕԳՏԱԿԱՐ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Իսկական ծառը աւելի երկար կը դիմանայ եւ փուշերը նուազ կը թափին, եթէ անոր բունը խաչաձեւ ճեղքենք եւ զայն զետեղենք խոնաւ հողով դոյլի մը մէջ: Նախքան տօնածառը զարդարելը` թելադրելի է անոր վրայ ցանել հաւասար համեմատութեամբ կլիսերինի եւ ջուրի խառնուրդ:

*
*  *

Որպէսզի տօնածառը երկար ժամանակ դալար եւ թարմ մնայ, մինչեւ զարդարելը` դրէք ջուրով լեցուն դոյլի մէջ: Որպէսզի ջուրը լաւ ներծծուի, տօնածառի բունէն բարակ շերտ մը կտրեցէք:

*
*   *

Որպէսզի տօնածառը երկար դիմանայ, անոր հողին եւ կոճղին շուրջը 3-4 օրը անգամ մը սառոյցի կտորներ թափեցէք:

*
*   *

Ելեկտրական արկածներէ եւ հրդեհէ հեռու մնալու նպատակով գիշերը քնանալու ատեն եւ օրուան մէջ, եթէ տունէն պիտի մեկնիք, անջատեցէք ծառի լոյսերուն ելեկտրական հոսանքը: Տարեկան հազարաւոր արկածներ կը պատահին ճիշդ այս պատճառով:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ԿԱՂԱՆԴԻ ԾԱՌ ՄԸ

Պարտէզը թզենի մը ունէի
Ամառէ ամառ թուզ կ՛ուտէի

Կաղանդ է – ծառ շտկելու է ըսին –
Կտրեցի թզենին
Սենեակիս անկիւնը զետեղեցի
Գոյնզգոյն ժապաւէն կախեցի ճիւղերէն

Դուռ դրացի եկան – ծառս ցոյց տուի – խնդացին
Ինչո՞ւ կը խնդաք ըսի – չպատասխանեցին –

Հոգ չէ թէ այլեւս թուզ պիտի չուտեմ ամառը –
– Ես Կաղանդի ծառս շատ սիրեցի

ԿԱՂԱՆԴԻ ԾԱՌ

Որպէսզի Կաղանդ տօնենք տեւական
ուր որ գացինք
ուր որ գաղթեցինք
մեզի հետ
մեր ծառն ալ տարինք

ԹԷ մարեցաւ մոմերէն մին
տեղը չորս մոմ վառեցինք
Թէ խաղալիկ մը կոտրեցաւ
կամ ժապաւէն մը փրթաւ
տեղը միշտ նորը դրինք

Բայց չգիտցանք –
արմատները ե՞րբ չորցան
Ոստերուն մէջ ԱՒԻՇԸ ե՞րբ ցամքեցաւ.

Եւ հիմա – ԾԱՌԸ աւելի շքեղ
թէպէտ շողշողուն
սակայն ՄԵՐԸ չէ

ԿԱՂԱՆԴԻ ԾԱՌ

Ծառէն ժանեակ ծառէն մանեակ ծառէն սոխակ կախեցէք
Ծառէն թելեր ծառէն ծամեր ծառէն լոյսեր կախեցէք
Ծառէն ծաղիկ ու խաղալիկ
Ծառէն պերճանք ու զարդարանք
Ծառէն խաբկանք ծառէն պատրանք ու երազանք կախեցէք

– Կից մը տուէք – թող փլի

Նոր ծառ մ՛առէք – ծառէն ձանձրոյթ կախեցէք
Ծառէն ձանձրոյթ ծառէն ձանձրոյթ ծառէն ձանձրոյթ կախեցէք
– Այդքան առատ արդէն ուրիշ ի՞նչ ունիք –

ԿԱՂԱՆԴԻ ԾԱՌ ՄԸ

Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երկու բան պէտք է
Նախ ծառ մը – յետոյ զարդեր ծառին վրայ

Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երեք բան պէտք է
– Ծառէն զարդէն զատ
Հաւատքը գալիք աղուոր օրերու

Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Մէկ բան կը բաւէ – ոչ ծառ ոչ ալ զարդ –
Ատիկա խիճերն ադամանդ կարծող
Միամիտ հոգւոյս բարի խաբկանքն է

Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Արդէն պատրանքը լրիւ կը բաւէ

Բարի տարի ձեզ եւ բարի պատրանք

 ԶԱՀՐԱՏ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES