ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԶԴԱԿ»

Երջօ Սամուէլեան եւ Րաֆֆի Սիսլեան

Երէկ կէսօրին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ «Եռագոյն ֆոնտ»-ի հիմնադիր Երջօ Սամուէլեան` ընկերակցութեամբ ֆոնտի վարչութեան անդամ Րաֆֆի Սիսլեանի:

Երջօ Սամուէլեան լսեց տնօրէնութեան զեկուցումը վերանորոգուած տպարանի հետ կապուած աշխատանքներուն եւ մանկապատանեկան բաժինի թէ՛ հրատարակչական եւ թէ՛ մրցանքի վերաբերող ծրագիրներուն մասին: «Եռագոյն ֆոնտ»-ի պատասխանատուները գոհունակութիւն արտայայտեցին «Ազդակ»-ի գունաւոր թիւերու հրատարակութեան եւ այս ամսուան սկիզբը 450 հայ աշակերտներ համախմբած «Անսխալ գրենք» մրցումին կազմակերպումին առիթով:

Քաջալերելով հայ մամուլի ապագայ ընթերցողներ եւ աշխատակիցներ պատրաստող «Պզտիկ-մզտիկ»-ի աշխատանքները` «Եռագոյն ֆոնտ»-ը կատարեց իր տարեկան յատկացումը` «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի ծրագիրներուն իրականացման համար «Ազդակ»-ի ֆոնտին նուիրելով 20.000 ամերիկեան տոլար:

Share this Article
CATEGORIES