ԵՒՐՕ-2012. ՎԱՂԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՌՈՒՍԻԱ ՃԱԿԱՏՈՒՄ` ՎԱԶԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԴԱՇՏԻՆ ՎՐԱՅ

Հայաստանի եւ...

... Ռուսիոյ մարզիկները իրենց կատարած փորձերուն ընթացքին

Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենան բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, վաղը` շաբաթ, 26 մարտին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ռուսիան: Թէեւ մրցումը պիտի սկսի վաղը` շաբաթ, 26 մարտին, ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), սակայն երկու խումբերուն մարզիչները իրենց մամլոյ ասուլիսը պիտի տան այսօր: Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան իր մամլոյ ասուլիսը պիտի տայ ժամը 14:00-ին, իսկ Տիք Ատվոքաթ` ժամը 18:30-ին (երկուքն` ալ` Պէյրութի ժամանակացոյցով):

Բաղդատմամբ նախորդ տարիներուն տեղի ունեցած այլ մրցաշարքերուն, հայրենի կազմը այս մրցաշարքին աւելի լաւ արդիւնք կ՛արձանագրէ:

Արարատ Առաքելեան

Հայաստան ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն արձանագրած է երկու յաղթանակ, հաւասարութիւն մը եւ կրած պարտութիւն մը:

Հայաստանի նման Բ. խմբակին մաս կազմող երկու այլ կազմեր եւս ունին 7-ական կէտ: Իր ունեցած կոլէվըրէյճին պատճառով Հայաստան կը գրաւէ երրորդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Ռուսիա, որ ապահոված է 9 կէտ:

Հայաստանի կազմէն վաղուան մրցումին դաշտ պիտի չկարենայ ներկայանալ Բանանցի յետսապահ Արարատ Առաքելեան` նկատի ունենալով, որ ան ոտքի վնասուածք ունենալուն պատճառով երէկուան փորձերուն չմասնակցեցաւ:

Նշենք, որ 27 տարեկան յետսապահը 22 մարտին վերադարձած էր իր մրցումները կատարելու:

Սարգիս Յովսէփեան

Հաւաքականի խմբապետ Սարգիս Յովսէփեանի կարծիքով, վաղուան այս մրցումը հիւր կազմին համար պիտի ըլլայ քիչ մը դժուար` նկատի ունենալով, որ ինք եւ իր խմբակիցները իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն` առիթ չտալու համար Ռուսիոյ, որ երեք կէտով հեռանայ Հայաստանէն:

Հայաստանի հաւաքականին նախկին յառաջապահներէն Արթուր Պետրոսեան, որ ներկայիս բնակութիւն հաստատած է Զուիցերիոյ մէջ, իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ինչպէս անցեալին փաստուած է, ներկայիս ալ կրնայ փաստուիլ, որ Հայաստան իր դաշտին վրայ կատարած իր մրցումներուն ընթացքին, ընդհանրապէս միշտ բոլորին համար ալ հանդիսացած է բաւական դժուար մրցակից մը եւ անոնց առաքելութիւնը դժուարացուցած:

Կ՛ակնկալուի, որ հայրենի ֆութպոլիստները ոչ մէկ ճիգ խնայեն` արձանագրելու համար մրցաշարքի իրենց երրորդ յաղթանակը` նկատի ունենալով, որ հայկական ֆութպոլը այժմ վերելքի մէջ կարելի է նկատել:

Հայրենի լրագրողներ յաջողեցան Ռուսիոյ կատարած փորձերուն հետեւիլ եւ լուսանկարներ ձեռք ձգել: Սակայն ատիկա շատ կարճ ժամանակի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պարագային, որովհետեւ փորձերը` հանդիսատեսներու ներկայութեան, հազիւ կէս ժամ միայն տեւեցին:

Share this Article
CATEGORIES