ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՔԱՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԹՐՔԱԿԱՆ ԶԷՆՔ ԳՐԱՒՈՒԱԾ Է

Տուպայի ոստիկանութիւնը երէկ յայտնեց, որ գրաւած է տասնեակ հազարաւոր փոքր զէնքեր, որոնք կը գտնուէին դէպի Եմէն ուղղուող բեռնարկղի մը մէջ: Իշխանութիւնները յայտնեցին, որ զէնքերը կ՛ուղղուէին Եմէնի Սաատա շրջանը, ուր շիի ըմբոստներ տարիներով ճակատած են Եմէնի բանակին հետ:

Տուպայի ոստիկանապետ զօր. Տահի Խալֆան Թամիմ յայտնեց, որ իշխանութիւնները երկու շաբաթ առաջ կարմիր բեռնարկղին մէջ 16 հազար թրքական արտադրութեամբ ատրճանակներ գտած են: 4,36 միլիոն տոլարի արժողութեամբ զէնքերը նաւով Տուպայ տեղափոխուած են Թուրքիայէն: Մաքսանենգները նպատակ ունէին զէնքերը Տուպայէն Ծոցի այլ երկիր մը փոխադրել, ապա Եմէն: Զօր. Թամիմ մերժեց նշել այդ երկրին անունը, սակայն ըսաւ, որ Սէուտական Արաբիան չէ:

Ձերբակալուած են վեց անձեր, որոնցմէ 5-ը արաբ են, իսկ մէկը` թուրք:

 

Share this Article
CATEGORIES