ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` «ՍԱՈՒՐԱ» ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ ԿՈՂՄԷ

Սուրիական «Սաուրա» օրաթերթը երէկ հրապարակեց դոկտ. Նորա Արիսեանի հետ կատարուած հարցազրոյց մը, որուն ընդմէջէն լուսարձակի կ՛առնուի դոկտ. Արիսեանի աշխատանքը եւ ստանձնած առաքելութիւնը` իբրեւ Սուրիոյ քաղաքացի եւ սուրիահայ:

Հարցազրոյցին ընդմէջէն ան կ՛անդրադառնայ նաեւ Հայ դատի հետապնդման ծիրին մէջ իր տարած աշխատանքներուն եւ այս իմաստով գիրքերու խմբագրութեան ու թարգմանութեան:

Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք հետագային:

 

Share this Article
CATEGORIES