«ՄԻՆՉԵՒ ԱՊՐԻԼ 24 ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԵՏ ՎԵՐՑՆԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՏԱԿ ԴՐԱԾ ԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրօ Մանոյան

Դաշնակցութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ ետ վերցնելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած արձանագրութիւններուն տակ դրած ստորագրութիւնը: Երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտարարեց. «Հայաստան ամէնէն ուշը մինչեւ Ապրիլ 24 պէտք է ետ վերցնէ իր ստորագրութիւնը արձանագրութիւններէն, որպէսզի պատրուակ չտայ ոեւէ մէկուն` հրաժարելու Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր տուած խոստումները իրականացնելէն»:

Դաշնակցական գործիչին դիտարկումով` Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին ընդառաջ Թուրքիան որոշակի քայլեր կը ձեռնարկէ եւ արդէն պատուիրակութիւն ուղարկած է Ուաշինկթըն, մինչդեռ Հայաստան որեւէ քայլ չի ձեռնարկեր:

«Հայ-թրքական հոլովոյթին աւարտը պէտք է ամրագրուի արձանագրութիւնները ետ վերցնելով` յատկապէս, որ մինչեւ Թուրքիոյ ընտրութիւններուն կայանալը այդ հոլովոյթին մէջ որեւէ տեղաշարժ պիտի չըլլայ», ըսաւ բանախօսը` աւելցնելով, որ հոլովոյթին մէջ տեղաշարժ պիտի չըլլայ նաեւ Թուրքիոյ ընտրութիւններուն յաջորդող առաջին տարուան ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES