ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին կողմէ հրապարակուող «Ուիքիլիքս»ի փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին յուլիսեան պատերազմի հանգրուանին, կ՛ըսեն հետեւեալը.

– Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ինք Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ բեռնատարման յատուկ թռիչքներուն պատասխանատու շիի 10 սպաներուն նկատմամբ վստահութիւն չունի:

– Հրաժարեալ կառավարութեան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Մըր շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի սրտանց կ՛աղօթէ քաղաքական առումով Հըզպալլայէն ձերբազատելու համար:

– Նախկին երեսփոխան Նեսիպ Լահուտ մաղթեց, որ Իսրայէլ խայտառակէ Հըզպալլայի զինուորական թեւը:

– Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը հաստատէ, որ Սուրիա պատրաստ է Իսրայէլի դէմ պատերազմին մասնակցելու, եթէ Լիբանան անոր կարիքը զգայ:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ալի Շամի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Կայը, որմէ ստացաւ հրաւէր մը` մասնակցելու Լիպիոյ առնչուող համագումարի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Լոնտոնի մէջ` յառաջիկայ երեքշաբթի, 29 մարտին:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ ժամերը Լիբանանի համար ճակատագրական ըլլան` կառավարութեան կազմութեան առումով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը կողմեր կ՛երազեն, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հրաժարի:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան արդարութեան նախարար Իպրահիմ Նաժժար «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ բանտերէն լիբանանցի արգելափակեալներուն ազատ արձակումը երբեք հաւանական չէ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, այսօր կրնայ յայտարարուիլ 26 կամ 30 նախարար հաշուող կառավարութեան մը ծնունդը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց

հրաժարեալ կառավարութեան գաղթականներու հարցերու նախարար Աքրամ Շեհայէպը եւ երեսփոխան Քասեմ Ապտել Ազիզը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին աղբիւրները կը նշեն, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պիտի չփափաքի խանգարել կառավարութեան կազմ մը, որուն Սուրիա եւ Սէուտական Արաբիա իրենց հաւանութիւնը կու տան:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, եւրոպական պետութիւն մը լիբանանցի քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատու մը զգուշացուցած է Լիբանանի դէմ գործուելիք իսրայէլեան հաւանական հարուածէ մը:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան պետական նախարար Ատնան Քասսար հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպանին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին աղբիւրներուն համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ, եթէ Դամասկոսի ի գործ դրած ջանքերը արդիւնաւորուին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն զօր. Ֆայեզ Քարամ փոխադրուած է Օթել Տիէօ հիւանդանոց, ուր պիտի ենթարկուի բժշկական քննութիւններու:

ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքները բաւական աշխուժ վիճակի մէջ են եւ անոր ծնունդը որեւէ ատեն կրնայ յայտարարուիլ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հերքեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հարցերու գոյութեան մասին կատարուած յայտարարութիւնները` շեշտելով, որ ինք Միքաթիի մօտ կառավարութեան կազմութեան առումով լուրջ կամք շօշափած է:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ նկատել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութիւնը լիբանանեան պատասխանատուութիւն է` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած ուշացումը արդարացուցիչ ոչ մէկ պատճառ ունի:

ԱՅՑԵԼԵԼԷ ետք հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի, Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց պետական բոլոր հաստատութիւնները, յատկապէս դատական իշխանութիւնները բարգաւաճեցնելու ծրագիրներ մշակելու անհրաժեշտութիւնը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի մօտիկ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիա կը փափաքի, որ Լիբանանի կառավարութիւնը շուտով կազմուի: Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ այս իմաստով Դամասկոս ոչ մէկ ձեւով միջամուխ կ՛ըլլայ այդ աշխատանքին:

 

Share this Article
CATEGORIES