7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Պեքաայի մէջ անյայտ կորսուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն փնտռտուքը երէկ շարունակուեցաւ լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ:

Նշենք, որ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները հեծելանւորդներ էին, որոնք իրենց հեծանիւներով կը գտնուէին Զահլէի մօտակայ Տէյր Զնուն շրջանի ճամբուն վրայ, երբ անոնք անծանօթներու կողմէ առեւանգուեցան:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Ալի Շամի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ էսթոնիացի իր պաշտօնակիցին հետ` շեշտելով, որ Լիբանան յանձնառու է էսթոնիացի զբօսաշրջիկները ողջ-առողջ վերադարձնելու իրենց երկիրը:

Այս առումով Շամի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Էսթոնիոյ հիւպատոսին հետ:

Միւս կողմէ, Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նկատել տուաւ, որ իր երկրին համար անծանօթ են էսթոնիացիներուն առեւանգման պատճառները` աւելցնելով, որ անոնց հարցին հետապնդումին համար յատուկ յանձնախումբ մը յառաջացած է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES