«ԱՐԱՊՆԵԹ 2011-ԹՈՒԱՅԻՆ ԱՆՑՄԱՆ ՇՐՋԱՆ»Ի ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ` «ՀԱՊԹՈՒՐ»Ի ՄԷՋ

Համագումարին ներկաները

«Հապթուր» պանդոկին մէջ նախանցեալ օր սկսաւ «Արապնեթ 2011 – թուային անցման շրջան»ի համագումարը` հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին:

Համագումարին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ` նախարար Շարպել Նահհաս, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ` պետական նախարար Ատնան Քասսար, Կեդրոնական դրամատան ներկայացուցիչ Ռիատ Սալամէ, «Սոտեթել» ընկերութեան տնօրէն Փաթրիք Ֆարաճեան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Համագումարին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ թուային տնտեսութեան մակարդակին վրայ մեծ բարգաւաճում պիտի արձանագրուի, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մակարդակին վրայ յեղափոխութիւն մը նախատեսելի է:

Համագումարին ընթացքին արձանագրուած խօսքերուն ընդմէջէն շեշտուեցաւ նաեւ, որ երկրին մէջ Կեդրոնական դրամատան կողմէ պետական թէ սեփական մարզերուն նկատմամբ զօրակցութիւն կը ցուցաբերուի Լիբանանը նորարարական ճարտարարուեստներու կեդրոնի մը վերածելու նպատակով:

 

Share this Article
CATEGORIES