ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԱՐԴԻԿ ԱՆՏԵՂԻ ԿԱՏԱԿՆԵՐ ԿԸ ՊԱՏՄԵՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

ԱՆՈՒԱՆԻ ԱՆՁԵՐ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐ ՀԱՍՏԱՏՈՂ ԿԱՅՔԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՆՊԱՏՇԱՃ ԱԿՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԱԾ ԵՆ ՃԱՓՈՆԸ ՀԱՐՈՒԱԾԱԾ ՑՈՒՆԱՄԻԻՆ ՄԱՍԻՆ, ԻՆՉ ՈՐ ԲԱՒԱԿԱՆ ԸՆԴՎԶՈՒՄ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ Է: ԱՐԴԵՕՔ ԱՆԻԿԱ ԱՂԷՏԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ՓՐԿԱՐԱՐ ՄԻՋՈ՞Ց ՄԸՆ Է: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՎԵՐԼՈՒԾԵԼ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ՄԱՐԴԻԿ ԱՆՀԱՄ ԿԱՏԱԿՆԵՐՈՎ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԵՆ ԱՀԱՒՈՐ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ:

Լսեցի՞ք վերջին մանրավէպը այն ցունամիին մասին, որ պատճառ դարձաւ հազարաւոր անձերու մահուան:

Թերեւս` ոչ: Սակայն վստահաբար լսած էք մէկը, որ երգիծանքի առարկայ դարձուցած է Ճափոնի հիւլէական վտանգը կամ սարսափելի այլ պատահար մը, որ գլխաւոր վերնագիրներ կը խլէ լրատուամիջոցներու մէջ:

Մահը, աւերը եւ լայնատարած աղէտը ամէնէն աներեւակայելի նիւթերն են, որոնք ծիծաղի առարկայ կրնան դառնալ: Այսուհանդերձ, ոմանց համար անոնք կը վերածուին կատակերգութեան սեռի մը:

Անհամ կատակներ կը տարածուին որեւէ աղէտէ անմիջապէս ետք, իսկ հաղորդակցութեան արդի միջոցները կ՛երաշխաւորեն անոնց տարածումը եւ զանոնք լսելի կը դարձնեն ոչ միայն շատ աւելի մեծ թիւով մարդոց, այլ նաեւ` աղէտին անմիջական հետեւանքները կրող անձերուն:

Ռափ երաժիշտ Քըրթիս Ճէյմս Ճեքսըն, որ ծանօթ է 50 Սենթ անունով, ինչպէս նաեւ ամերիկացի դերասան Կիլպըրթ Կոթֆրիտ քննադատութեան թիրախ դարձած են, երբ Թուիթըրի վրայ երգիծանքի առարկայ դարձուցած են Ճափոնի աղէտը պատճառած ցունամին:

«Իմ թուիթերէս (թուիթըրի վրայ հրապարակուած խօսքեր: «Ա.») ոմանք տգիտութիւն կը պարունակեն,- կը գրէ 50 Սենթ:- Զանոնք կը հրապարակեմ` իրենց ցնցիչ ազդեցութեան համար: Սիրէք թէ չսիրէք զանոնք, միեւնոյն է, հետաքրքրութիւն կը ստեղծեմ երկու պարագային ալ»:

Կոթֆրիտ, որ նախապէս քննադատութիւններու թիրախ դարձած էր, երբ անմիջապէս երգիծանքի առարկայ դարձուցած էր սեպտեմբեր 11-ի յարձակումները,  50 Սենթի պէս լաւատես արտայայտութիւն մը չէր կրնար ունենալ, որովհետեւ իր հակազդեցութեան պատճառով գործէ արձակուած էր ապահովագրութեան ընկերութեան մը կողմէ, որ իր ձայնը կ՛օգտագործէր ծանուցումներու մէջ:

Սակայն այս երկուքը հանրային առաջին դէմքերը չեն, որոնք կը դիմագրաւեն նման խայտառակութիւն մը: Ֆութպոլի խօսնակ Ռոտնի Մարշ 2005-ին վտարուեցաւ «Սքայ Նիուզ»ի մարզական բաժինէն, երբ հեգնական սրամտութիւններով ակնարկութիւններ կատարեց Ասիոյ ցունամիին:

Անշուշտ միայն արհեստավարժ կատակերգակները չեն, որոնք պատասխանատու են այս տեսակի երգիծանքին:

Աղէտէ մը ետք խորապէս ընդվզեցուցիչ հեգնական սրամտութիւններ կը սկսին տարածուիլ խաղավայրերու, աշխատավայրերու եւ գինետուներու մէջ եւ անշուշտ` համացանցի վրայ:

«Սիքիփետիա» համացանցի կայքը, որ կը պարծենայ «աշխարհի անհամ կատակներու լաւագոյն հաւաքածոյով», հպարտօրէն հրապարակած է քանի մը տասնեակ կատակներ` Ճափոնի աղէտին մասին:

Բջիջային հեռաձայնով երկտողեր փոխանակելու արհեստագիտութիւնը եւս առիթ կու տայ, որ աղէտի մը յաջորդող առաջին ժամերուն անտեղի կատակներ սկսին փոխանակուիլ:

Վեթերան կատակերգակ Պերի Քրայըր կ՛ըսէ, թէ երկար ժամանակէ ի վեր հրապուրուած է անպատշաճ կատակներով:

Ան կը շեշտէ, որ թէեւ մանուկներ նման կատակներ կը ստեղծեն խաղավայրերու մէջ կամ իրենց անտարբերութիւնը ծանուցող շաղակրատներ` գինետուներու, սակայն ահաւոր դէպքերը թեթեւութեամբ ընկալելու այս մօտեցումը ինքնին ամբողջութեամբ հասկնալի մարտավարութիւն մըն է, որ կը ծառայէ դիմագրաւելու պատահածը:

Բժշկագիտական մարզին մէջ աշխատող արհեստավարժներ, ինչպէս նաեւ` ոստիկաններ միշտ ալ ծանօթ են իրենց մահագուշակ երգիծանքով, կ՛ըսէ Քրայըր, որ կը հաւատայ, թէ սեւ երգիծանքը մեզի կ՛օգնէ` հասկնալու պատահածը, որ այլապէս շատ խոր ցաւ եւ յուզում կրնայ պատճառել:

Իրօք, Քրայըր կը պատմէ երիտասարդի մը մասին, որուն մայրը վերջերս մեռած էր քաղցկեղի պատճառով, եւ ան իրմէ խնդրած էր քանի մը լաւ մանրավէպ պատմել այս հիւանդութեան մասին:

«Ասիկա բնական հակազդեցութիւն մըն է,- կը վիճի Քրայըր:- Շատ բնական է, որ մարդիկ ցանկան խնդալ, երբ ողբեգրութիւն մը պատահի»:

«Միակ նորութիւնը այն է, թէ մինչ ժամանակին պէտք էր գինետուն երթալ` երգիծական վերջին մանրավէպը լսելու համար, այժմ անիկա կը յայտնուի բջիջային հեռաձայնիդ վրայ` աղէտ մը պատահելէ անմիջապէս ետք»:

Սակայն հոգեբան Լինտա Փափատոփուլոս մտահոգութիւն կը յայտնէ, թէ անպատշաճ երգիծանքի ժողովրդականութիւնը ախտանշան մըն է վատառողջ մշակոյթի մը, որ անզգամ դարձած է այլոց տառապանքին նկատմամբ:

«Ողբերգական դէպքերուն երգիծանքով հակազդելով` կը դիւրանայ հարցին հսկայական տարողութիւնը դիմագրաւելը», կ՛ըսէ ան:

«Սակայն կ՛ապրինք ընկերութեան մը մէջ, ուր պատրաստ ենք ողբերգութիւնը վերածելու ծիծաղի առարկայի», կ՛աւելցնէ ան:

Որքա՞ն շուտ կարելի է կատակել աղէտի մը մասին:

«Կատակերգութեան մէջ ժամանակի հարց չկայ,- կ՛ըսէ կատակաբան Սթիֆըն Էյմըս: – Կարեւորը կատակի մը պարունակութիւնն է եւ նպատակը: Անիկա պէտք չէ միայն կոպիտ ըլլայ, պէտք չէ միայն ծիծաղի առարկայ դարձնէ զոհերը: Ոեւէ մկը կրնայ ընել այս: Պէտք է խօսքը ուղղել աղէտահարներուն: Վերջերս կը գտնուէի Աւստրալիա, ուր Քուինզլենտի ողողումներուն մասին ակնարկութիւններս լաւ դիմաւորուեցան: Անոնք կը վերաբերէին դժբախտութիւնը յաղթահարելու եւ ոչ թէ` տառապանքի: Վերապրողները կարիքը ունէին խնդալու` իբրեւ փրկութեան միջոց: Չէին ցանկար իրենց շուրջ տեսնել իրենց մատներուն վրայ քալող մարդիկ»:

Փիթըր Քուքի կամ Պիլ Հիքսի երկրպագուները կրնան վկայել, թէ սեւ երգիծանքը գոյութիւն ունէր համացանցէն առաջ, իսկ նոյնինքն Սիկմըն Ֆրոյտ այս մասին գրած է 1927-ին:

Հոգեվերլուծութեան հայրը իր «Երգիծանքը» վերնագիրով գրութեան մէջ կը վիճէր, թէ անհամ կատակները արդիւնք են մեքենական այն գործընթացին, որուն միջոցով «մարդկային եսը կը շեշտէ, թէ ենթակայ չի դառնար արտաքին աշխարհի պատճառած խոցերուն»:

Քենթի համալսարանին մէջ կատակերգութեան մասնագէտ Օլիվըր Տապըլ կը բաժնէ Ֆրոյտի կարծիքը: Ան կը հաւատայ, թէ վիրաւորանք պատճառող նիւթեր կատակի վերածելը կրնայ ձաղկումի շատ ազդու միջոց մը դառնալ, ինչպէս նաեւ` դարմանումի ձեւ մը:

Սակայն ան չի հանդուրժեր այն կատակերգակները, որոնք կը միտին միայն ցնցել հանդիսատեսը, եւ մտահոգութիւն կը յայտնէ, թէ համացանցը թոյլ չի տար իրարմէ դիւրութեամբ զանազանել մտածուած ձաղկումն ու աժան ոչնչապաշտութիւնը:

«Սթիուըրթ Լիի նման կատակերգակ մը հրաշալի է, որովհետեւ տարբեր նիւթերու մասին կը խօսի մարտահրաւէրներ ուղղելով, սակայն նաեւ խորապէս սկզբունքային է», կ՛ըսէ Տապըլ:

«Երբ Ֆրենքի Պոյլի կամ Ճիմի Քարի նման մէկը կը սկսի կատակել, կը թուի, թէ ան յոռեգոյն բանը պիտի ըսէ: Անկեղծօրէն, ասիկա կը յոգնեցնէ»:

Սակայն, երբ հարցը կը վերաբերի սրամտութեան եւ նրբութեան, Տապըլ կը նշէ, թէ 140 տառեր կրնան դժուարացնել կեանքը:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES