ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ-ԱՆԹԻԼԻԱՍ- ՌԻԱՏԻ ՊԷՅՐՈՒԹ` 1-1

Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-Անթիլիաս (ներկայացուցչական) – Ռիատի Պէյրութ երկրորդ մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ դաշտին տէրերուն` ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 67-55 արդիւնքով:

Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով` 19-8, 11-15, 11-9 եւ 26-23:

Այսպիսով, երկու կազմերուն միջեւ այժմ արդիւնքը 1-1 է` նկատի ունենալով, որ Ռիատի Պէյրութ առաջին մրցումին իր դաշտին վրայ 64-61 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով` 20-15, 17-6, 12-25 եւ 15-15:

Երկու կազմերը երրորդ անգամ իրարու դէմ յանդիման պիտի գան չորեքշաբթի, 30 մարտին:

Նշենք, որ ֆայնըլ-ֆորի երկրորդ ճակատումին, Անդրանիկ Պէյրութ 2-0 արդիւնքով կը յառաջանայ Մութթահետ Թրիփոլիի վրայ:

Եթէ այսօր Անդրանիկ արձանագրէ իր երրորդ յաղթանակը, ապա պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:

 

Share this Article
CATEGORIES