ՈՍԿԻԻ ԵՒ ՔԱՐԻՒՂԻ ԳԻՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼ

19 մարտին Լիպիոյ դէմ սկսած զինուորական գործողութիւնները պատճառ դարձած են ոսկիի, քարիւղի եւ արծաթի գիներու բարձրացման: Ըստ միջազգային մասնագէտներու, եթէ զինուորական գործողութիւնները երկարաձգուին, քարիւղի գիներուն բարձրացումը պիտի շարունակուի: Քարիւղի սղիլը պայմանաւորուած է ոչ միայն Լիպիոյ իրադարձութիւններով, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներուն մէջ տիրող քաղաքական անկայունութեամբ:

Աւստրալիական «Քոմոտիթի Սըրվիսըզ» ընկերութեան ղեկավար Ճոնըսըն Պարաթի կարծիքով, Լիպիոյ դէմ զինուորական գործողութիւնները եւ ծովային շրջափակումը, ինչպէս նաեւ Պահրէյնի զարգացումները, որոնք նաեւ պատճառ դարձած են Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ լարուածութեան յառաջացման, կրնան շատ լուրջ խնդիր ստեղծել: Ըստ անոր, եթէ Իրան եւ Սէուտական Արաբիա զինուորական գործողութիւններու սկսին, քարիւղի գիները կտրուկ կերպով պիտի բարձրանան:

Վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին քարիւղի համաշխարհային գիները բարձրացած են 15 առ հարիւրով:

Share this Article
CATEGORIES