ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ ԹԻՐԱԽ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ԶԱՀԼԷԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Կը ստուգեն եկեղեցւոյ կրած նիւթական վնասները

Մինչ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն առեւանգման դրդապատճառները եւ անոնց ճակատագիրը կը մնան անյայտ, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն պայթում մը թիրախ դարձուց Զահլէի մէջ գտնուող ասորի ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցին:

Կանուխ առաւօտեան եկեղեցւոյ մուտքին պատահած պայթումը պատճառեց նիւթական մեծ վնասներ, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ կրեցին նաեւ եկեղեցւոյ կից կանգնեցուած 7 ինքնաշարժները:

Պայթումէն անմիջապէս ետք դէպքին վայրը ժամանեցին լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը, որոնք հետաքննութիւն բացին այդ պայթումին առնչութեամբ:

Ըստ հետաքննութեան սկզբնական արդիւնքներուն, պայթումին պատճառը եղած է «Թի. Էն. Թի.» պարունակող մէկէն մէկուկէս քիլոկրամ կշռող ական մը:

Պայթումին վայրը այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի, որ յայտնեց, թէ պայթումը ուղղակիօրէն կապուած է Զահլէի մէջ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն առեւանգումին:

Իր կարգին, նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆ այցելեց պայթումի թիրախ դարձած եկեղեցին, ուր ան խստիւ դատապարտեց ոճրային այդ արարքը` շեշտելով, որ նման միջադէպեր կը միտին խանգարել Զահլէի կայունութիւնը եւ ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ համայնքային սադրանքներ պատճառել շրջանին մէջ:

Նշենք, որ ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսը երէկ առաւօտեան պայթումի թիրախ դարձած եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին ու իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ ոչինչ պատճառ պիտի դառնայ այդ եկեղեցւոյ դռներուն փակումին:

Միւս կողմէ, Ասորիներու համադաշնակցութեան նախագահ Իպրահիմ Մըրատ շեշտեց, որ շատ հաւանաբար այդ պայթումը կը միտէր վախցնել ասորի համայնքի զաւակները, «սակայն անհրաժեշտ է ընդգծել, որ ասորի համայնքը անվախ է եւ համայնք մըն է, որ առաջին կարգի դիմադրող կը նկատուի, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի երկրին ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան», ընդգծեց ան:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսին հետ. ան խստիւ դատապարտեց Զահլէի եկեղեցւոյ պայթումը եւ զօրակցութիւն յայտնեց ասորի ուղղափառ համայնքին:

Սաֆար եպիսկոպոս իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանին` անոր ցուցաբերած հոգատարութեան եւ ապահովական ուժերուն կողմէ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելուն առումով:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսին յայտնեց իր զօրակցութիւնը` դատապարտելով եկեղեցւոյ պայթումը:

Միքաթի շեշտեց, որ պայթումի այդ արարքին նպատակն է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խանգարել` կոչ ուղղելով բոլորին գործակցելու ի խնդիր լիբանանցիներուն արժանապատիւ գոյակցութեան:

Հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընդմէջէն դատապարտեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դէմ կատարուած պայթումը` հաստատելով իր զօրակցութիւնը ասորի ուղղափառ համայնքին եւ Զահլէի բնակչութեան:

Հարիրի շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի ձերբակալելու յանցագործները եւ զանոնք փոխանցելու դատական համապատասխան ատեաններուն:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի դատապարտեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դէմ կատարուած պայթումը` զայն նկատելով ահաբեկչական արարք մը, որուն նպատակն է խախտել երկրին ապահովական անդորրը:

Միւֆթի Քապպանի կոչ ուղղեց ապահովութեան ուժերուն երկաթէ բազուկով հարուածելու բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն խախտել երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Քապպանի իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսին հետ` անոր փոխանցելով իր դատապարտանքը` այդ պայթումին:

Զահլէի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Սփիրիտոն Խուրի կիրակի օրուան պատարագին ընթացքին խստիւ դատապարտեց Ս. Աստուածածին եկեղեցին թիրախ դարձուցած պայթումը եւ կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն աղօթելու Լիբանանի եւ շրջանի խաղաղութեան համար:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ` դատապարտելէ ետք Զահլէի Ս. Աստուածածին եկեղեցին թիրախ դարձուցած պայթումը, մտավախութիւն յայտնեց, որ այդ արարքը կրկնուի նաեւ լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է լաւ հսկել երկրին ապահովական կայունութեան եւ ամէն ջանք ի գործ դնել` բացայայտելու համար ոճրային այս արարքը գործած կողմը:

Զահլէի երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթթուշ խստիւ դատապարտեց ասորի ուղղափառ համայնքի եկեղեցւոյ պայթումը` շեշտելով, որ այդ պայթումը կը միտի պայթեցնել Լիբանանի կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

Ֆաթթուշ իր եղբայրներուն ընկերակցութեամբ այցելեց Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսին. անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Սաֆար եպիսկոպոսին` ստանձնելով Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգման ծախսերը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա կոչ ուղղեց ամէնէն մօտիկ ապագային բացայայտելու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դէմ կատարուած պայթումին պատասխանատուները:

Դատապարտելէ ետք ահաբեկչական այդ արարքը` Նիքոլա հաստատեց, որ նման դէպքերու պարագային անհրաժեշտ է յանձնառու մնալ ազգային միասնականութեան նկատմամբ` անկախ առկայ քաղաքական տարակարծութիւններէն:

Մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար զօր. Մուսթաֆա Համտան դատապարտեց Զահլէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դէմ տեղի ունեցած պայթումը` զայն նկատելով արարք մը, որ կը միտի հարուածել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES