ՀԱՒԵԼԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ

Այն պահուն, երբ Պաղ պատերազմի հերոսները մէկզմէկուն հետեւելով` կ՛անհետանան յիշողութեան մշուշին մէջ (Ռոնալտ Ռիկըն, ապա Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը, այժմ` Վացլաւ Հաւել), իւրաքանչիւր մեկնում, բաժանում աշխարհը աւելի հեռաւոր եւ օտար կը դարձնէ: Բայց շատ կանուխ է մոռացկոտութեան համար, որ նաեւ կրնայ ապերախտութիւն ըլլալ:

Ժամանակին մղձաւանջի մը մէջ, եւրոպացի այլախոհներ բանտերու մէջ բնակեցան բոլոր երկիրներուն մէջ, որոնք բանտեր էին: Այդ այլախոհները ուղղարկուեցան մտային խանգարում ունեցողներու հիւանդանոցներ, ուր եւ պահուեցան այնպիսի կառավարութիւններու կողմէ, որոնք կանգուն մնացած են զանգուածները մոլորեցնելու միջոցով: Այդ այլախոհներուն պարտադրուեցաւ խոստովանիլ երեւակայածին ոճիրներու համար` այնպիսի վարչակարգերու կողմէ որոնք քրէական գործունէութիւններ ունեցած են:

Եւ ապա Չեխոսլովաքիոյ կառավարութիւնը քայլ մը աւելի հեռու գնաց: Ան ձերբակալեց «Տիեզերքի կերպընկալ ժողովուրդ» կոչուող խումբը` մշակութային նմանութեան, համապատասխանութեան դէմ յանցանքի համար: Ասիկա համայնավարութեան կատարեալ խորհրդանիշն էր. համակարգ մը, որ չի կրնար հանդուրժել չարտօնուած երգեր երգելը: Վարչակարգին տխմարութիւնը, անմտութիւնը հիմնայատակ քանդեց վախցնելու իր կարողութիւնը: Հաւել (Հակամշակութային մտաւորական եւ ռոք երգերու սիրահար մը), հիմնադիրներէն եղաւ «Կանոնագրութիւն 77» մարդկային իրաւանց շարժումին: Ժողովրդային վատ երաժշտութիւնը երբեք աւելի լաւ չէր օգտագործուած:

Պատմութեան մէջ,  պատմական յոռետեսութեան մեծ հերքումով, պարզուեցաւ, որ եւրոպայի մղձաւանջը «Հեքիաթ մըն է» (նախադասութիւն մը, որ Հաւել օգտագործեց նկարագրելու համար իր փորձառութիւնը):

27 հոկտեմբեր 1989-ին Հաւել չորրորդ անգամ ըլլալով բանտարկուեցաւ: Այդ տարուան դեկտեմբերին 3 հարիւր հազար չեխեր Վենսեսլաւ հրապարակին վրայ հաւաքուած` երգեցին. «Հաւել դէպի պալատ»: Նոր տարուան օրը Հաւել կրցաւ յայտարարել. «Ժողովո՛ւրդ, ձեր կառավարութիւնը ձեզի վերադարձած է»: Փետրուարին, ներկայացուցիչներու միացեալ նիստին ընթացքին Հաւել խօսք առաւ իբրեւ ազատ Չեխոսլովաքիոյ նախագահ, բանտարկուելէ չորս ամիս ետք:

Հաւել օգնեց տապալելու համայնավարութիւնը` վարկաբեկելով ատոր կեդրոնական հաւատամքը, վարդապետութիւնը:

Գիտական ընկերավարութիւնը ուսուցանած էր, թէ պատմութիւնը զանգուածային տնտեսական եւ ընկերային ուժերու գերազանցումն է, որ անհատը չի կրնար յուսալ տեղէն շարժել, սասանել:

Իտէալները, ըստ Մարքսի, «մարդկային ուղեղին մէջ կազմաւորուած ուրուականներ, երեւոյթներ են»: Ինչպէս Ուինսթըն Չըրչիլ կրնար Հաւելին ըսել. «Որոշ երեւոյթներ: Որոշ ուղեղներ»: Հաւել անողոք կերպով յարձակումի ենթարկեց համայնավարական գաղափարախօսութիւնը` իբրեւ վստահութեան խաղ, Փոնզիի ծրագիր մը, կախեալ` բացայայտ սուտերու, կեղծիքի ենթարկուելու հաւաքական կամքը, ընդարձակ հպատակութենէ: Մէկ իտէալ` ճշմարտութեան հանդէպ յանձնառութիւնը ապացուցուեցաւ, որ բաւական երկար լծակ մըն էր` շարժելու համար աշխարհը:

Հաւելի 1978-ի շրջադարձային ակնարկին, «Անզօրներու իշխանութիւնը», վերընթերցումը նման է ադամանդներով տարտղնուած ճահիճի մը մէջէն դժուարաւ անցնելուն: Մտաւորական աղաւաղեալ խօսակցութիւնը խիտ է (եւ ապա կու գայ բիւրեղեայ, յստակ նախադասութիւն մը, կատարելապէս փայլուն տեսութիւն մը:) Համայնավար վաչակարգերը կ՛ուզեն, որ ժողովուրդը «ապրի սուտի մէջ` պահանջելով անմարդկայնացնել  հաւատարմութեան ծիսակատարութիւնները:

Հաւել Չեխոսլովաքեան կը նկարագրէ իբրեւ կարգախօսներով ծեփուած, բայց իրական համոզումներ չունեցող երկիր մը:

«Իւրաքանչիւր անձ ձեւով մը տեղի կու տայ իր մարդկային գոյակցութեան սնոտիութեան», կ՛ըսէ Հաւել եւ կ՛աւելցնէ. «Անոնք միասնաբար կը քշուին կեղծուած կեանքի գետի հոսանքն ի վար»:

Սուտերով կառավարուած ընկերութեան մը մէջ ճշմարտութիւնը կը ստանայ «եզակի, պայթուցիկ, անհաշուելի քաղաքական ուժ»: Վաւերականօրէն ապրելու ցանկութիւնը համարժէք է հինգերորդ շարասիւնին (յեղափոխութիւն մը` թաքնուած ամբողջ հասարակութեան մէջ): Ճշմարտութիւնը կը յառաջանայ քաղաքական ճառին, հացադուլին, թատրերգութեան, երգին մէջ: «Ատիկա մանրէավարակ զէնք է, որ երբ պայմանները հասուն են, առանձին անհատի մը կողմէ կ՛օգտագործուի զինաթափ ընելու համար ամբողջ զօրաբաժին մը», կ՛ըսէ Հաւել, որ առաջին կարգի պատմական մարգարէ մըն է (եւ իր սեփական մարգարէութիւնը իրականացնող):

Ըստ Հաւելի, ճշմարտութեան շրջանակներուն մէջ ապրիլը կը հանդիսանայ գոյակցաբար բարոյական նախաձեռնութիւն մը: Ատիկա կը պահանջէ զոհաբերութիւն, որ կ՛ենթադրէ «պատասխանատուութեան զգացում մը» ուրիշներուն համար (հաւատք` սիրոյ, բարեկամութեան եւ կարեկցանքի):

Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին եւ Ալեքսանտր Սոլժենիցինի ընկերանալով` Հաւել հաւատաց, որ քաղաքական վերանորոգումը կը սկսի բարոյական եւ անձնական, անհատական թարմացումով: Բանտէն առաքուած նամակի մը մէջ ան գրեց. «Բայց ո՞վ պէտք է սկսի: Ո՞վ պէտք է քանդէ այս արատաւոր շրջանակը: Սկելու միակ հաւանական վայրը ինձմէ է… Արդեօք ամէն ինչ իրօ՞ք կորսուած է, թէ ոչ ամբողջութեամբ կախեալ է այն բանէն, որ ես կորսուած եմ, կամ` ոչ»:

Անհանգստաւէտ կերպով Հաւել այս բարոյական տեսլականը նաեւ կիրարկեց Արեւմուտքի բարգաւաճ, բարեկեցիկ ժողովուրդներուն: Ինք քննադատեց «նիւթական յաջողութեան եսասէր պաշտամունքը» եւ «բարձրագոյն կարգի հարցերու մէջ հաւատքի բացակայութիւնը»: Սպառողականութիւնն ու յարաբերակցումը, զգուշացուց ինք, կրնան նաեւ մերկացնել անհատները մարդկութենէ եւ պատասխանատուութենէ: Նոյնիսկ հարուստն ու հզօրը կրնան ապրիլ սուտի շրջանակներուն մէջ:

Քոնկրեսին ուղղուած իր խօսքին մէջ Հաւել ամերիկացիներուն կոչ ըրաւ` «Բարոյականութիւնը քաղաքականութենէն առաջ» դասելու եւ քաջալերել «պատասխանատուութիւնը բանի մը հանդէպ, որ աւելի բարձր է, քան` իմ ընտանիքս, երկիրս, ընկերութիւնս, յաջողութիւնս»:

Ամերիկայի մտաւորական Նոամ Չոմսքի Հաւելի խօսքը անուանեց` «Շփոթեցնելու չափ միամիտ եւ բարոյապէս զզուեցնող կիրակնօրեայ դպրոցի քարոզ» (յայտարարութիւն մը, որ ե՛ւ անխոհեմ, ե՛ւ անտանելի է):

Չեխիոյ հանրապետութիւնը հազուագիւտ առաւելութիւն մը ունի. իր առաջատար մտաւորականը արեւմտեան քաղաքակրթութեան իտէալներուն կը հաւատար: Եւ քաղաքակրթութեան հանդէպ իր ունեցած հաւատքով ան օգնեց փրկելու զայն:

Share this Article
CATEGORIES