ՍԱՍՈՒՆՑԻ ՀԱՅԵՐԸ ԿԸ ԴԻՄԵՆ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ

Պիթլիսէն (Բաղէշ), Վանէն, Պաթմանէն, Մուշէն եւ Սղերդէն արտաքսուած կամ հալածանքներու ենթարկուելու գնով, տակաւին այդ շրջաններուն մէջ գոյատեւող հայերու խնդիրներով հետաքրքրուող Սասունցի հայերու միութիւնը տարիներ շարունակ կը պայքարի, որ վագըֆ (հիմնադրամ) ստեղծէ:

Թէեւ այդ նպատակով տակաւին 2 տարի առաջ համապատասխան մարմիններուն դիմած էր միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճին` 5 հիմնադիր անդամներու հետ, սակայն Պոլսոյ վարչական 5-րդ դատարանը պատճառաբանելով, թէ թրքական քրէական օրէնսգիրքի 101-րդ յօդուածին 4-րդ կէտը կ՛արգիլէ «հայ փոքրամասնութիւններու համայնքի անունը օգտագործելու միջոցով վագըֆ ստեղծելը», մերժած է դիմումը:

Ըստ քրտական «ԱՆՖ» գործակալութեան, Տաղճին ուշադրութիւն հրաւիրելով Թուրքիոյ մէջ Սասունցի հայերու միութիւն կազմաւորելու, հիմնադրամ ստեղծելու, հայոց լեզուով կրօնական ուսուցում ստանալու եւ մայրենի լեզուով ժողովներ գումարելու իրաւունքներու ոտնահարման փաստերուն` շարունակած է. «Վագըֆ հիմնադրելու մեր պահանջը կանխուեցաւ եւ արգիլուած է, խիղճի ու կրօնի ազատութիւն չունինք: Օրէնքի առջեւ իրաւահաւասար չենք, մեր դէմ խտրականութիւն կ՛ընեն»:

Այնուհետեւ Տաղճի ըսած է, որ ապրիլին պիտի մեկնի Սթրազպուրկ` անձամբ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան դիմելու համար: Ան ընդգծած է, որ հայ փոքրամասնութեան մայրենի լեզուով կրօնական ուսուցում ստանալու իրաւունքը Լոզանի դաշնագիրը տուած է, ուստի դատարանը պէտք է յարգէ իրենց պահանջը: Հիմնադրուելու պարագային, Սասունցի հայերու վագըֆը կը նախատեսէ եկեղեցական պսակադրութիւնը կատարել հոգեւորականի միջոցով, իրականացնել նորածիններու մկրտութիւնը, յուղարկաւորութիւնը կազմակերպել եկեղեցւոյ մէջ եւ պարսպապատել Սասունի հայկական եկեղեցիներն ու գերեզմանները:

Ներկայիս Պաթմանի վարչական տարածքին մէջ ընդգրկուած Սասուն գաւառը, քրտական գործակալութեան վկայութեամբ, Ցեղասպանութենէն առաջ մեծապէս հայերով բնակեցուած էր: 1914-ին ունեցած է աւելի քան 20 հազար հայ բնակչութիւն, 127 եկեղեցիներ, 6 վանքեր եւ հայկական 15 վարժարաններ:

Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ բացի սասունցիներէն, մնացեալ թրքահպատակ հայերը, որքան ալ Պոլսոյ մէջ բնակելու ըլլան, գրեթէ չեն տիրապետեր հայերէնին, իսկ ատիկա ինքնաբերաբար կը մեծցնէ եկեղեցւոյ դերը հայապահպանման գործին մէջ, ուստի սասունցի հայերու եկեղեցական պսակադրութիւն կատարելու, մանուկները մկրտելու եւ յուղարկաւորութիւնը եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպելու պահանջներու նշանակութիւնը աւելի քան կարեւոր կը նկատուի, յատկապէս` ճակատագրի քմահաճոյքով մահմետականացած այն հայերուն համար, որոնք աստիճանաբար կը վերադառնան ազգային եւ կրօնական ակունքներուն:

ՅԱԿՈԲ ՉԱՔՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES