ԿԱՊԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ԶԱՐՄԱՑՆԵՆ. ՕՐԱՆԿՈՒԹԱՆՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՏԵՍԵՐԻԶՈՎ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑԻԼ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Հաճելի ժամանց` Ճաղերու ետին:

ՄԻԼՈՒՈՔԻԻ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ ՄԱՐԴԱԿԱՊԻԿՆԵՐ ՄՕՏ ՕՐԷՆ ՊԻՏԻ ԿԱՐԵՆԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒՄԻ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑԻԼ ԻՐԵՆՑ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՆԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼԻ ԵՐԵՒՈՅԹԸ:

Արհեստագիտութեան սիրահար այս մազոտ անասունները այ.Փետերով կը խաղան մայիսէն ի վեր, երբ առաջին անգամ ստացած են զանոնք:

Անասուններու պաշտպան Ռիչըրտ Զիմըրման կ՛ըսէ, թէ յաջորդ քայլով համացանցի անթել հաղորդակցութեան հասողութիւն պիտի շնորհուի անոնց, ինչ որ կը նշանակէ, թէ օրանկութաններ պիտի կարենան դիտել մարդակապիկներ` կենդանաբանական այլ պարտէզներու մէջ:

Զիմըրման կը յուսայ, որ այս փորձարկութիւնը պիտի օգնէ` գիտակցութիւն արթնցնելու հանրութեան քով եւ հիմնադրամներ ստեղծելու` անհետանալու վտանգը դիմագրաւող վայրի անասուններու պաշտպանութեան համար:

Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած Օրանկութան աութրիչ բարեսիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Զիմըրման կ՛ըսէ, թէ փափաքած էր համակարգչային այս գործիքները անասուններուն տալ 2010-ի յունուարէն ի վեր, երբ շուկայ իջած էին անոնք:

«Գաղափարը ծագեցաւ ուղեղիս մէջ, երբ Սթիւ Ճոպզ առաջին անգամ հրապարակաւ ներկայացուց այ.Փետը», կ՛ըսէ ան:

«Անկախաբար` Միլուոքիի կենդանաբանական պարտէզին մէջ մեզի զօրակցող պաշտօնեայ մը իր այ.Փետը ցոյց տուած էր օրանկութաններուն,  եւ անոնք հմայուած էինք այս գործիքով: Այնուհետեւ սկսանք գործակցիլ»:

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ

Սկիզբը Միլուոքի քաունթիի կենդանաբանական պարտէզին օրանկութանները ծանօթացած են ոչ այնքան բարդ արհեստագիտական գործիքներու եւ փորձած են «Տուտըլ պատի» գծելու համակարգչային խաղը:

Զիմըրմանի համաձայն, նպատակը «քիչ մը հաճելի ժամանց» պարգեւելն էր անասուններուն, որոնք շաբթուան մէջ երկու անգամ միայն կարճ ժամանակի համար գործածած են այս գործիքները:

«Պիտի փափաքէինք օրանկութաններուն համար ստեղծել խաղալու, գծելու, տեսերիզներ դիտելու առիթներ, նաեւ` անոնց թոյլ տալ ընել այն, ինչ որ մարդկային մանուկ մը պիտի ընէր` իր տարրական հետաքրքրութեամբ», կ՛ըսէ Զիմըրման:

Կենդանաբանական պարտէզի պատասխանատուներ կը մտածեն շինել տալ յատուկ համակարգիչներ, որպէսզի օրանկութանները կարենան անոնց վրայ հաճելի ժամանակ անցընել` առանց մարդկային օգնութեան:

Այս անասունները հմայուած են համակարգչային սարքերուն վրայ պատկերասփիւռ դիտելով, մանաւանդ երբ պաստառներուն վրայ երեւցած են այլ օրանկութաններ, եւ` շատ աւելի, երբ տեսած են իրենց ծանօթ դէմքեր, ինչպէս կը պատմէ Զիմըրման:

«Անոնք կը սիրեն շարժող պատկերները, կը սիրեն պայծառ բաները, կը սիրեն հաճելի ժամանցը», կ՛ըսէ ան:

«Անոնք կը սիրեն նոր բաները: Հետեւաբար առաջին հերթին համակարգչային անթել հաղորդակցութեան միջոցներով պիտի օժտենք օրանկութաններուն համակարգչային սարքերը, որպէսզի անոնք հասողութիւն ունենան անսահման տեղեկութեան, անշուշտ` միշտ իրենց հոգածուներուն առաջնորդութեամբ»:

ԱԹԵՆՊՈՐՈՅԻ ՍԻՐԱՀԱՐ

Զիմըրման կը նկարագրէ, թէ ամէնէն հետաքրքրականը դիտելն է անասուններուն հակազդեցութիւնը, երբ անոնք պաստառին վրայ կը տեսնեն իրենց կամ այլ մարդակապիկներու դէմքը:

«Օրանկութանները կը սիրեն դիտել զիրար», կ՛ըսէ Զիմըրման, աւելցնելով, թէ մարդակապիկներէն մէկը` 31 տարեկան Մ. Ճ. սիրահար մըն է Տէյվիտ Աթընպորոյի անասնական աշխարհը ներկայացնող յայտագիրներուն:

«Օրանկութանները կը սիրեն դիտել զիրենք պատկերող տեսերիզներ: Քիչ մը սնափառութիւն կայ այստեղ: Անոնք նաեւ կը սիրեն դիտել տեսերիզներ, որոնք կը պատկերեն կենդանաբանական պարտէզին միւս կողմը գտնուող օրանկութաններ»:

«Հետեւաբար, եթէ համակարգենք նկարահանող գործիքները, ապա անոնք կրնան դիտել զիրար», կ՛ըսէ ան:

Կ՛ըսուի, թէ այլ կեդրոններ, կենդանաբանական պարտէզներ եւ անասնաբուծարաններ եւս փափաք յայտնած են «անմիջապէս» դերակատար դառնալու նոյն ծրագիրին մէջ եւ պարզապէս կը սպասեն տրամադրելի յաւելեալ սարքերու:

Մահալ անունով 4 տարեկան կապիկ մը սիրահար մըն է Տէյվիտ Աթընպորոյի անասնական աշխարհը ներկայացնող յայտագիրներուն:

«Մեր աշխատանքը սահմանափակուած է Միլուոքիի կենդանաբանական պարտէզին մէջ, որովհետեւ բաւարար թիւով այ. Փետեր չենք ստացած տակաւին», կ՛ըսէ Զիմըրման:

«Կը սպասենք, որ շուկայ իջնէ այ. Փետ3-ը, որպէսզի իրապէս անգործածելի դառնայ այ.Փետ1-ը, եւ մենք կարենանք ունենալ այլեւս ոչ պիտանի սարքերը», կը բացատրէ ան:

«Յայտնապէս կարելի է պարզապէս շուկայ իջնել եւ գնել այ. Փետ մը, սակայն իրականութեան մէջ կառչած կը մնանք մեր այն սկզբունքին, թէ մեր ունեցած գումարները պէտք է յատկացուին այն օրանկութաններուն, որոնք կարիքը ունին մեր օգնութեան»:

ՄԻԱՅՆ 15 ԵՐԿՎԱՅՐԿԵԱՆ

Զիմըրմանի դիմագրաւած մէկ այլ հարցն է համակարգչային սարքերուն պաշտպանութիւնը, որովհետեւ ան չի համարձակիր զանոնք տալ անասուններուն եւ թոյլ տալ, որ իրենց հետ տանին դէպի իրենց արգելարաններուն խորերը:

«Եթէ զանոնք յանձնենք օրանկութաններուն, ապա կարելի է երեւակայել, թէ անոնք պիտի գոյատեւեն միայն 15 երկվայրկեան: Մարդակապիկները անմիջապէս պիտի սկսին ամենայն համբերութեամբ քակել զանոնք կամ` իսկոյն կոտրել եւ երկու մասի բաժնել», կ՛ըսէ ան:

Առայժմ կենդանաբանական պարտէզին մէջ անասուններու հոգածուներ իրե՛նք կը բռնեն համակարգչային սարքերը, մինչ կապիկները իրենց արգելարաններուն ճաղերէն դուրս կ՛երկարեն իրենց ձեռքերը եւ զանոնք կը գործածեն իրենց յատուկ շարժումներով:

Անասնապահները կ՛ակնկալեն, որ շինուի համակարգչային այնպիսի սարք մը, որ կարելի ըլլայ զայն նետել աջ ու ձախ, կամ զետեղել պատի մը վրայ եւ զայն կապել հսկայական պաստառի մը, որպէսզի կենդանաբանական պարտէզ այցելողները կարենան դիտել սարքերուն գործածութիւնը` մարդակապիկներուն կողմէ:

Զիմըրմանի համաձայն, համակարգչային սարքեր կատարելագործող մասնագէտներ արդէն խանդավառ են օրանկութաններուն յարմար սարքեր շինելու գաղափարով`  օգտագործելով արհեստագիտական նոյն այն միջոցները, որոնք կը կիրարկուին մանուկներու յատուկ համակարգչային սարքերու պատրաստութեան մէջ:

Թէեւ կենդանաբանական պարտէզին պատասխանատուները տեւաբար կը հետեւին անասուններուն շարժումներուն, սակայն ցարդ համակարգչային սարքերու հետ անոնց վարմունքը որեւէ ձեւով չ՛ուսումնասիրուիր: Այսուհանդերձ, հաւանական է, որ մօտիկ ապագային փոխուի այս մօտեցումը:

Օրանկութան մը հոգածուի մը օգնութեամբ պատկեր մը կը գծէ համակարգչային սարքի մը վրայ:

«Ի վերջոյ համակարգչային սարքերու հետ կապիկներուն վարմունքը պիտի առաջնորդէ անոնց ուսումնասիրութեան: Գիտենք, թէ տեղի պիտի ունենայ այս մէկը: Սակայն, իբրեւ բարեսիրական կազմակերպութիւն մը, որուն նպատակն է անասունններուն պահպանութիւնը, մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացած է անոնց կեանքը հարստացնելու վրայ, եւ` ապահովելու, որ այս միջոցով անոնց պահպանութեան պատգամ մը փոխանցուի», կ՛ըսէ Զիմըրման:

Օրանկութանները աշխարհի ամէնէն վտանգուած անասնատեսակներն են:

Զիմըրման կ՛ըսէ, թէ կորիլլաներու կողմէ համակարգչային պաստառներու գործածութեան լայնածաւալ ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին տարիներէ ի վեր, Աթլանթայի կենդանաբանական պարտէզին մէջ:

Ան կը շեշտէ, թէ հանրութեան կողմէ Օրանկութան աութրիչ կազմակերպութեան նուիրուած դրամէն ոչ մէկ դահեկան ծախսուած է համակարգչային սարքեր գնելու: Թէեւ մարդակապիկներուն կողմէ անոնց գործածութիւնը հաճելի ժամանց կը պարգեւէ կենդանաբանական պարտէզ այցելողներուն, սակայն Զիմըրման կը հաւատայ, թէ անոնք պէտք չէ շեղեն հանրութեան ուշադրութիւնը այն լուրջ վտանգներէն, զորս կը դիմագրաւեն այս անասունները:

«Ասիկա ձեւով մը կը վերածուի բարեսիրական նպատակներով եկամուտ ապահովելու: Իրօք, սահման չկայ այն կարելիութիւններուն, զորս կ՛ընձեռէ ասիկա», կը բացատրէ Զիմըրման:

Միլուոքի քաունթիի կենդանաբանական պարտէզին մէկ բանբերը` Ճենիֆըր Տիլիպերթի կը յայտնէ, թէ համակարգչային սարքերուն գործածութիւնը կը նպաստէ օրանկութաններուն բարօրութեան:

«Ասիկա կը նկատուի հարստացնող աշխատանք մը, կը մարզէ անասուններուն ուղեղը, շարժուն կը պահէ զանոնք եւ զգացականօրէն` առողջ», կ՛ըսէ ան:

«Առայժմ այ. Փետերով կատարուած աշխատանքը պարզապէս առաջին քայլ մըն է, եւ` շատ հետաքրքրական»:

 Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES