ՃԱՏՐԱԿ. ԹԱՇՔԵՆՏԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՏԻԳՐԱՆ Լ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

Տիգրան Լ. Պետրոսեան

Նախորդ շաբաթավերջին, Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենտի մէջ աւարտեցաւ ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ հայրենի մեծ վարպետ Տիգրան Լ. Պետրոսեան:

9-րդ եւ վերջին հանգրուանին Պետրոսեան ճակատեցաւ ուզպեք Անթոն Ֆիլիփովի դէմ: Այս հանդիպումը, պիտի վճռէր ախոյեանին անունը` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ ունէին 6,5-ական կէտ:

Անոնց միջեւ այս հանդիպումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ անոնք ունենան 7-ական կէտ:

Նոյնքան կէտ ունեցաւ նաեւ Մարատ Ժումայեւ (Ուզպեքիստան), որ յաղթեց իր հայրենակիցին` Ռինաթ Եումալպայեւին:

Սակայն տիտղոսին տիրացողը հանդիսացաւ Տիգրան Լ. Պետրոսեան, որ լրացուցիչ ցուցանիշներով գերազանցեց յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւած Ֆիլիփովը եւ Ժումայեւը:»

Նշենք, որ Պետրոսեան ստացաւ 5 հազար եւրօ, իսկ մնացեալ երկուքը` 3500 եւ 2500 եւրօ:

Share this Article
CATEGORIES