«ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՏԻՐՈՂ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԼՈՒՌ ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ՄՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Իրաք մեկնելէ առաջ յայտնեց, որ Թուրքիա մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ զարգացումներուն:

«Անցնող երեք օրերուն ընթացքին երկու առիթով հեռաձայնեցի նախագահ Ասատին եւ մեր գաղտնի սպասարկութեան աւագ պաշտօնատարը կիրակի օր Սուրիա ուղարկեցի: Կոչ ուղղեցի Սուրիոյ ժողովուրդին պահանջներուն լոյսին տակ խնդիրին խաղաղ աւարտ մը ապահովելու համար բարեկարգչական մօտեցում ցուցաբերելու», ըսաւ ան:

Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա մտահոգ է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածով` «եւ չենք կրնար տեղի ունեցածին նկատմամբ լուռ մնալ»: Ան նշեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ հետ 800 քիլոմեթր երկարութեամբ սահման մը ունի, ինչպէս նաեւ «սուրիացիներուն հետ ազգականական կապեր ունի»:

Թուրքիոյ վարչապետը յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը Լիպիոյ նման յեղափոխութեան մը չի վերածուիր, ինչ որ կրնայ «մեր մտահոգութիւնները մեծցնել»:

Թուրքիոյ վարչապետարանէն պաշտօնատար մը հեգնական շեշտով մը «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնած է, որ Էրտողան փետրուարին Հալէպ տուած իր այցելութեան ընթացքին նախագահ Ասատին կոչ ուղղած էր` բարեկարգումներ կատարելու:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու կիրակի օր հեռաձայնած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի, եւ բարեփոխութեանց հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ ուժեղ զօրակցութիւնը յայտնած Սուրիոյ: Ան նշած է, որ Թուրքիա կ՛ողջունէ սուրիացի ժողովուրդին օրինական պահանջներուն եւ սպասումներուն ընդառաջելու քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բարեփոխութեանց մասին Սուրիոյ յայտարարութիւնները:

Միւս կողմէ, սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորէն:

 

Share this Article
CATEGORIES