ՀՅԴ ԼԵՄ. «ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐՆԵՐ

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սրահին մէջ 20 եւ 27 մարտին տեղի ունեցան դաստիարակչական սեմինարներ, որոնց հերթաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼԵՄ-ի մասնաճիւղերն ու կորիզները: Սեմինարներուն խորագիրն էր «Քաղաքականացած երիտասարդութիւնը»:

Յանձնախումբի կողմէ սեմինարին բացման խօսքը արտասանեց Արամ Սոմունճեան, որ յայտնեց, թէ ազգի մը ապագան կախեալ է իր երիտասարդութեան ուժականութենէն, երիտասարդութիւնը նաեւ որոշիչ դեր կը խաղայ ազգին ներկայ ընթացքին մէջ: Ան նաեւ օրինակներ տուաւ հայոց պատմութենէն, ուր հայ երիտասարդները անկիւնադարձային դեր ունեցած են:»

Ապա, ԼԵՄականներուն դասախօսեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան բացատրեց քաղաքականութեան եւ քաղաքականացած երիտասարդութեան իմաստները` շեշտը դնելով տարբեր քաղաքական դերակատարներուն վրայ: Ան նաեւ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ներկայի եւ ապագայի կերտման մէջ երիտասարդութեան դերին:

Դասախօսութենէն ետք մասնակիցները բաժնուեցան եօթը խումբերու` պատրաստելու համար «Ուըրքշափ» մը եւ զայն ներկայացնելու բոլորին: «Ուըրքշափ»ին նիւթերն էին`

ա.- Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններ
բ.- Քրտացած եւ իսլամացած հայեր
գ.- Արցախի բարգաւաճում
դ.- Օտարամոլութիւն եւ հայապահպանում
ե.- Լիբանանի մէջ հակաթուրք պայքարի ձեւեր
զ.- Սփիւռքի երեւոյթ եւ հայրենադարձութեան կարելիութիւններ
է.- Հայ դատի հետապնդման միջոցներ

Սեմինարի աւարտին իւրաքանչիւր խումբ ներկայացուց իր պատրաստած աշխատանքը, որմէ ետք մասնակիցներուն միջեւ քննարկումներ եւ բանավէճեր տեղի ունեցան:

Share this Article
CATEGORIES