ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի 42-րդ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ 9-17 յունուար 2012-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ:

Ժողովը ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը լսելէ ետք քննարկումի առարկայ դարձուց տարուած գործունէութիւնը, համապատասխան արժեւորումներ կատարեց, ինչպէս նաեւ առաջարկներ ներկայացուց յառաջիկայ Շրջանային վարչութեան:

Նախանցեալ օր` 17 յունուարի երեկոյեան տեղի ունեցաւ նոր Շրջանային վարչութեան ընտրութիւն` հետեւեալ կազմով.

Յակոբ Քէշիշեան
Հայկ Թապաքեան
Վաչէ Նաճարեան
Վրէժ Թազեան
Րաֆֆի Մումջողլեան
Նազօ Հապիպեան
Տէյվիտ Մանուկեան
Հրայր Ֆերմանեան
Յովսէփ Թիքիճեան
Յովիկ Կէօզիւպէօյիւքեան
Յարութ Ալաճաճեան

Նորընտիր Շրջանային վարչութեան յաջողութիւն մաղթելով իր աւարտին հասաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի 42-րդ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը:

ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ

Share this Article
CATEGORIES