ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇԱՄԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՍԼԷՅՄԱՆԸ ԵՒ ՊԸՐՐԻՆ

Հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ալի Շամի երէկ Թեհրանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ` Նեւրուզի տօնին տօնակատարութեան, իրանեան նոր տարուան` իբրեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչը:

Այս ծիրին մէջ, Շամի հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ, որուն փոխանցեց հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն ողջոյնները:

Միւս կողմէ, Շամի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ իրանցի իր պաշտօնակիցին` Ալի Աքպար Սալեհիի, որուն շնորհաւորեց անոր արտաքին գործոց նախարար նշանակման առիթով, ինչպէս նաեւ անոր հետ քննարկեց լիբանանեան – իրանեան յարաբերութիւնները:

Թեհրան կատարած իր այցելութիւնը Շամի եզրափակեց հանդիպում մը ունենալով Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերակատարութիւնը` արաբական եւ իսլամական աշխարհներուն մէջ արձանագրուած զարգացումներուն լուծումներ գտնելու առումով:

Նշենք, որ Շամիի ընկերակցեցան իր խորհրդականը` Ուասիմ Ուեհպէ եւ Թեհրանի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Ալի Հապհապ:

Share this Article
CATEGORIES