ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԸՆԹԱՑԻԿ ՀԱՐՑԵՐ

Նախագահ Սլէյման եւ Ապպուտ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտը, որուն հետ քննարկեց  նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններ:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ֆուատ Սաատ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան հարցեր:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Շաուքի Մասրին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքները:

Share this Article
CATEGORIES