ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

Դեսպան Քոչարեան եւ վեհափառը

Երէկ` երկուշաբթի, 28 մարտ 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ դեսպանները:

Հայաստանի դեսպանը Աշոտ Քոչարեան եկած էր վեհափառէն իմանալու Ապրիլ 24-ի առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահելու Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ կազմուած տնտեսական ընկերակցութեան մասին: Այս առիթով նաեւ քննարկուեցան յառաջիկայ հոկտեմբերին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք Ֆրիճոֆ Նանսընին նուիրուած հանդիսութիւնը, ինչպէս նաեւ դեսպանատան կողմէ ծրագրուած կարգ մը ձեռնարկներ: Վեհափառը ողջունելով Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ զարգացող գործակցութիւնը շեշտեց ընդհանրապէս Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ աւելի կազմակերպուած գործակցութիւն ծաւալելու կարելիութիւնները:

Զուիցերիոյ դեսպանը եւ վեհափառը

Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթին առաջին այցելութիւնն էր Անթիլիաս: Նոր դեսպան ըլլալով` ան ուզեց որոշ տեղեկութիւններ ունենալ ընդհանրապէս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան մասին: Վեհափառը անհրաժեշտ տեղեկութիւնները եւ լուսաբանութիւնները հայթայթելէ ետք ընդգծեց Լիբանանի հայութեան կարեւոր դերը իբրեւ եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ: Ան նաեւ յիշեցուց, որ Լիբանանի հայութիւնը առանցքային տեղ ունի սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան ցեղասպանութեան ու պահանջատիրութեան հարցերը: Վեհափառը յստակօրէն իր կարծիքը յայտնեց նաեւ այս առիթով անդրադառնալով Թուրքիոյ ու Հայաստանի ստորագրած արձանագրութիւններուն, ուր Զուիցերիան որոշ դեր ստանձնած էր: Դեսպանը Ժընեւէն ըլլալով խօսակցութեան ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ այդ գծով վեհափառին դերակատարութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES