«ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Ի՛ՆՔ Կ՛ՈՐՈՇԷ ԻՐ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ, ԻՍԿ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻԻ ՀԵՏ ՄԵՐ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՌԿԱՅ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Երեսփոխան Բագրատունի` հարցազրոյցին պահուն

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան, Զահլէի մէջ ասորի ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պայթումին, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններուն:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին խօսելով` Հայկական երեսփոխանական պլոքին ներկայացուցիչը շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Լիբանանի քաղաքական հիմնական ուժերէն մէկն է, որ ուղղակիօրէն առնչուած է այդ հոլովոյթին` իր ունենալիք նախարարին կամ նախարարներուն ընդմէջէն` ըստ կառավարութեան հաշուելիք նախարարներու թիւին:

Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը արագացնելու միտումներ չեն նկատուիր, սակայն երկրին կացութիւնը եւ յատկապէս շրջանային զարգացումները կը մղեն, որ Լիբանան այլեւս ունենայ իր կառավարութիւնը:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ իրենց հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ի՛նք կ՛որոշէ, թէ ովքե՛ր պիտի ըլլան զինք ներկայացնող նախարարները, որովհետեւ ի վերջոյ նախարարութիւնը քաղաքական պաշտօն է եւ կուսակցութիւնը` իբրեւ նախարարի հովանաւոր, իր խօսքը պէտք է ունենայ խնդրոյ առարկայ նախարարին նշանակման մէջ: «Մենք մեր առաջադրած նախարարներուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը ստանձնենք եւ կիսկատար պատասխանատուութիւններու չենք հաւատար, որովհետեւ այս կառավարութեան մաս կազմելը լուրջ աշխատանք է եւ պատասխանատուութիւն», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը պահանջէ երկու նախարարութիւն, որոնց ատակ նախարարները ըստ այնմ կը ճշդէ. ան նկատել տուաւ, որ ճարտարարուեստի նախարար Աբրահամ Տէտէեան յաջողած է իր ստանձնած նախարարութեան մէջ` աւելցնելով սակայն, որ տակաւին յստակ ոչինչ կայ նախարարութիւններու թիւին եւ բաժանումին իմաստով:

Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան մէջ փոքրամասնութիւնները ներկայացնելու առումով, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շատ յստակ էին, երբ պահանջեցին 32 նախարար հաշուող կառավարութիւն մը, որուն մէջ պիտի ներկայացուէին նաեւ փոքրամասնութիւնները, որոնց արդար իրաւունքն է ներկայացուիլ կառավարութեան մէջ: «Հետեւաբար` կը մաղթենք, որ վարչապետ Միքաթի ի մտի ունենայ այս պահանջը», աւելցուց ան:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող դրդապատճառներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին ներկայացուցչութիւնը 45 առ հարիւր է` իբրեւ մարոնի եւ քրիստոնեայ քաղաքական մեծագոյն համախմբումը, եւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ կը զլացուի յարգել այդ իրաւունքը եւ կշիռը: «Ինչո՞ւ Միքաթի կրնայ նշանակել սիւննի համայնքի բոլոր նախարարները, իսկ մենք` իբրեւ համախմբում, չենք կրնար բոլոր քրիստոնեայ նախարարներուն անունները առաջադրել», հարց տուաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ փոխադարձ վստահութիւնը կորսուած է քաղաքական կողմերուն միջեւ` աւելցնելով, որ կառավարութեան բոլոր նախարարները կը պատկանին հանրապետութեան նախագահին:

Անդրադառնալով ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտին նախարար վերանշանակման շուրջ տարակարծութեան` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ոչ ոք կը մերժէ Պարուտի մասնակցութիւնը յաջորդ կառավարութեան` աւելցնելով սակայն, որ զօր. Աուն կը նախընտրէ Պարուտը դարձեալ ներքին գործոց նախարար չնշանակել, այլ` անոր յանձնել այլ նախարարութիւն մը:

Ակնարկելով վարչապետ Միքաթիի հրաժարականին հաւանականութեան` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ինք Միքաթիի հրաժարականը անհաւանական կը նկատէ, որովհետեւ Միքաթի իրազեկ էր, թէ իր ստանձնած պարտականութիւնը դժուար է, սակայն ան բաւական քաջ է եւ կրնայ հաստատ քայլերով շարունակել իր ստանձնած աշխատանքը:

Յ. Բագրատունի խստիւ դատապարտեց Զահլէի ասորի ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցին պայթումի թիրախ դարձնելու ոճրային արարքը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է բացայայտել այդ պայթումը ծրագրող եւ գործադրող յանցագործները:

Ան նշեց, որ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ իրեն յարմարող մեկնաբանութիւնը կը կատարէ` աւելցնելով սակայն, որ Զահլէի ասորի ուղղափառ համայնքի եկեղեցին պայթեցնելը ամբողջ Լիբանանի ազգային գոյակցութեան եւ համերաշխութեան հասցուած հարուած մը կը նկատուի:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ապահովական  կառոյցներուն պարտականութիւնն ու առաքելութիւնն է կանխարգիլել նման արարքներ:

Պայթումին պատասխանատուութեան առումով Յ. Բագրատունի հաւանական նկատեց Իսրայէլը եւ անոր գործակալները` նշելով, որ Իսրայէլ առաւելագոյն չափով կ՛օգտուի Լիբանանի մէջ ազգային համերաշխութեան տուժելէն եւ աւելցուց, որ Իսրայէլ միշտ կը հետապնդէ Լիբանանը քրիստոնեաներէն պարպելու իր դժոխային ծրագիրը:

Երեսփոխան Բագրատունի կարեւոր նկատեց մարոնի համայնքի նորընտիր պատրիարքին որդեգրած կարգախօսը` շեշտելով, որ քրիստոնեաները գոյատեւած են եւ պիտի շարունակեն գոյատեւել Լիբանանի մէջ, սակայն իբրեւ քրիստոնեայ տարբեր հատուածներ կարեւոր է զգաստ մնալ մեզի դէմ նիւթուող թակարդներուն եւ հզօր միջոցներ որդեգրել անոնց դէմ դնելու նպատակով:

Դիմադրութեան զէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ բոլոր լիբանանցիները կը զօրակցին օրինական զէնքին, այլ խօսքով` ոչ ոք կը մերժէ բանակին զէնքը, «սակայն ներկայիս կայ իրողութիւն մը, կան պայմաններ, կան բռնագրաւուած հողեր, երկրին գերիշխանութեան դէմ մնայուն կերպով եւ օրական դրութեամբ կ՛արձանագրուին ոտնձգութիւններ, կայ թշնամանք, հետեւաբար` կարելի չէ Դիմադրութիւնը ապազինել: Սակայն այսօր ամէն բանէ առաջ պէտք է վերադառնալ քաղաքական հանդարտ ու խաղաղ բառամթերքի օգտագործման, պէտք է վերադառնալ տրամաբանութեան, պէտք է վերադառնալ երկխօսութեան, որուն ջատագովն է հայութիւնն ու ՀՅԴ-ն եւ որովհետեւ Լիբանանի հարցերուն միակ լուծումն է ան», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Արաբական աշխարհին վկայած զարգացումներուն եւ ըմբոստութիւններուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ներկայիս մենք կը վկայենք տարբեր երկիրներու մէջ արձանագրուած անկախ յեղափոխութիւններ, որոնք կը հետապնդեն իւրայատուկ նպատակներ եւ արաբական հարցին լուծման առումով չեն գոյացներ համախոհութիւն մը, որով զինուած պիտի դիմադրեն Իսրայէլին:

 

Share this Article
CATEGORIES