ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՆԻՔՍ ՅԱՂԹԵՑ ՄԵՃԻՔԻ. ՔԱՐՄԵԼՕ ՆՇԱՆԱԿԵՑ 39 ԿԷՏ

Քարմելօ Անթոնի

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան 6 հանդիպումներ:

Նիւ Եորք Նիքս իր դաշտին վրայ երկարաձգման ընթացքին միայն յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Օրլանտօ Մեճիքը` 113-106 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քարմելօ Անթոնի նշանակեց 39 կէտ եւ 10 ռիպաունտ: Մեճիքի մարզիկ Տուայթ Հաուըրտ նշանակեց 29 կէտ եւ 18 ռիպաունտ:

Իր կարգին, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ երկարաձգման ընթացքին 100-95 արդիւնքով յաղթեց Եութա Ճեզի: Ճոն Ուոլ (Ուիզըրտծ) նշանակեց 28 կէտ:

Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 100-92 արդիւնքով յաղթեց Սան Անթոնիօ Սփըրզի: Վերջինս այսպիսով կրեց իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը: Նշենք, որ Սփըրզ դաշտ ներկայացաւ առանց Թոնի Փարքըրի, Մանիւ Կինոպիլիի եւ Թիմ Տանքընի (վիրաւոր): Յաղթական կազմին մարզիկներէն Անտրէ Միլըր նշանակեց 26 կէտ:

Շիքակօ Պուլզ պարտութիւն մը կրեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզէն` 97-85 արդիւնքով, իսկ Միլուոքի Պաքս` Շարլոթ Հոռնեթցէն, մէկ կէտի տարբերութեամբ միայն (87-86):

Վերջապէս, երէկուան վեցերորդ եւ վերջին ճակատումին, Ինտիանա Փէյսըրզ 107-100 արդիւնքով յաղթեց Պոսթըն Սելթիքսի:

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Մայեմի Հիթ
Նիւ Ճըրզի Նեթց – Հիուսթըն Ռոքեթց
Օքլահոմա Սիթի – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Ֆէոնիքս Սանզ

Share this Article
CATEGORIES