ՀԻՒՍԻՍԸ ԱՊՐՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐ

Հակառակ շատ դժուար պայմաններու` միլիոնաւոր անձեր կը բնակին հիւսիսային բեւեռին մօտ: Սակայն անոնց կեանքը եւ ապրելակերպը վտանգուած են:

Հիւսիսային բեւեռին մօտ միայն բեւեռային արջեր գոյութիւն չունին: Մարդիկ հոն կ՛ապրին սկիզբի շրջաններէն կամ շատոնց հոն հաստատուած են:

Ինուիթ, նենեթ, էվեն եւ հիւսիսային բեւեռի միւս բոլոր ժողովուրդները միասին կը գոյատեւեն հիւսիսային շրջանի բնակուող հողերուն ութ միլիոն քառակուսի քիլոմեթրերուն վրայ:

* * *

Ասիկա հսկայական տարածութիւն մըն է: Այս տարածութիւնը կ՛ընդգրկէ Կրինլենտը, Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Սիպերիոյ հիւսիսը, ինչպէս նաեւ` քանի մը կղզիներ: Հակառակ հեռաւորութիւններուն, այս ժողովուրդները ապրելակերպի բազմաթիւ նոյնանման կէտեր ունին:

Անոնք բոլորը ստիպուած են յարմարելու կեանքի շատ դժուար պայմաններու, յատկապէս` կլիմային պատճառով: Այս ժողովուրդներուն մէկ մասը կրցած է պահել իր սովորութիւնները: Անոնց կարգին են, օրինակի համար, Սիպերիոյ մէջ բնակող էվենները:

Սակայն կլիմայական փոփոխութիւնները սկսած են անոնց համար հարցեր ստեղծել, յատկապէս` եղջերուները կերակրելու համար: Այս անասունը անոնց կենցաղին կեդրոնը կը գտնուի:

Մինչ, օրինակի համար, Քանատայի հնդիկներու պարագային, անոնց սովորութիւններուն անհետացումն է, որ ամէնէն մեծ վտանգը կը ներկայացնէ: Անոնցմէ շատեր այլեւս կ՛ապրին արեւմտեան ժողովուրդներու նման (Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի բնակիչներ): Մինչ այս սովորութիւնները մեծ հարստութիւն մըն են ամբողջ մարդկութեան համար:

 

ՏԱՐԲԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐ

Ռուսիոյ մէջ գոյութիւն ունին 43 տարբեր բնիկ ժողովուրդներ: Այս «պզտիկ ժողովուրդներ»-էն, ինչպէս զանոնք կ՛անուանեն, տասնինը կ՛ապրին Արքթիքի շրջանին մէջ: Անոնց մաս կը կազմեն էվենները, նենեթները, չուքչիները…

Եաքութները մաս չեն կազմեր այս պզտիկ ժողովուրդներուն, որովհետեւ անոնց թիւը շատ է (300,000): Անոնց պատմութիւնը արձանագրուած է մարդկութեան անշօշափելի հայրենական ժառանգութեան մէջ, 2005 թուականին:

Արքթիքի միւս կողմը ինուիթները, որոնք կ՛ապրին Քանատայի հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ, ունին ինքնավար տարածք մը: Այս շրջանը Նունաւութ կը կոչուի, որ կը նշանակէ «մեր հողը» ինուիթ լեզուով: Անիկա ստեղծուած է 1999 թուականին:

Արքթիքի խորհրդարան մը ստեղծուած է 1991 թուականին: Անոր մաս կը կազմեն` Քանատա, Դանիա, Ֆինլանտա, Իսլանտա, Նորվեկիա, Ռուսիա, Շուէտ եւ Միացեալ Նահանգներ: Այս խորհրդարանին մէջ ներկայացուած են բնիկ ժողովուրդները:

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…

Մարդիկ սովորութիւն ունին խօսելու էսքիմոներուն եւ լափոններուն մասին: Սակայն այս ժողովուրդները չեն սիրեր այս անունները, որ ուրիշ ժողովուրդներ իրենց տուած են:

Քրի հնդիկ ցեղախումբի լեզուով էսքիմօ կը նշանակէ «հում միս ուտող»: Էսքիմոները կը նախընտրեն, որ մարդիկ զիրենք կոչեն «ինուիթ», որ իրենց լեզուով պարզապէս «մարդիկ» կը նշանակէ:

Լափոն վիրաւորական անուն մը կը սեպուի, որովհետեւ անիկա կը նմանի գերմանական բարբառի մը «լափփ» բառին, որ կը նշանակէ «ապուշ»: Լափոնները կը նախընտրեն, որ մարդիկ զիրենք կոչեն սաամի: Անոնք այս բառն է, որ կը գործածեն զիրար նշելու համար, եւ ան եկած է Սաափմի կոչուած իրենց շրջանէն:

 

ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ

  • Հիւսիսային շրջանի ժողովուրդներուն սպառնացող վտանգներէն մէկը անոնց մշակոյթին եւ լեզուին անհետացումն է:
  • Գոյութիւն ունին մօտաւորապէս քառասուն բնիկ լեզուներ:
  • Անոնցմէ կարգ մը լեզուներ ժամանակի ընթացքին նուազ կը խօսուին: Ուրիշներ տակաւին կը գործածուին:
  • Կարգ մը պետութիւններ ճիգեր կը թափեն այս լեզուները պահպանելու համար: Օրինակի համար, Դանիան Կրինլենտի լեզուն պաշտօնական լեզուի մը վերածած է 1979 թուականին:
  • 2004 թուականին կը հաստատուէր, թէ այս լեզուն 74,500 անձերու կողմէ կը խօսուէր Կրինլենտի մէջ:
  • Մինչ 2006 թուական Քանատայի ինուիթներուն միայն կէսը կը նշէր ինուքթիթութը իբրեւ մայրենի լեզու:
  • Այս լեզուն պահպանելու համար Նունաւութի կառավարութիւնը (Քանատայի մէջ ինուիթներու հողամասը) երկու լեզուով դասաւանդութեան դրութիւն մը հաստատած է: Ինուիքթիթութը պէտք է նաեւ գործածուի հանրային սպասարկութեան մարզերէն ներս:

 

ՁԻՒՆԵԳՆԴԱԿՆԵՐՈՒ
ՊԱՏԵՐԱԶՄ

Ճափոնի մէջ ձիւնեգնդակներու պատերազմը շատ լուրջ հարց մըն է: Անիկա նոյնիսկ դարձած է շատ լուրջ մարզաձեւ մը, եւ գոյութիւն ունին աւելի քան 2000 խումբեր, որոնք իրարու դէմ կը մրցին:

Սակայն այս մարզաձեւին յատուկ դաշտերուն վրայ գոյութիւն ունին յարձակումներէն պաշտպանուելու համար պատնէշներ: Պէտք է դաշտը կտրել հակառակորդ խումբին դրօշակը խլելու համար: Եւ ամէն լուրջ մարզաձեւի նման, գոյութիւն ունի նաեւ իրաւարար մը:

Այս նորոյթը սկսած է տարածուիլ աշխարհի մէջ: Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա կազմակերպած են ձիւնեգնդակներու պատերազմի առաջին ախոյեանութիւնները:

Սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ ձիւնեգնդակները պէ՞տք է յատուկ ձեւ մը, ծանրութիւն մը ունենան, թէ՞ տակաւին քիչ մը ազատութիւն կը պահուի մանուկներու այս խաղին մէջ:

 

ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս գտնել ոսկորին հասցնող ճամբան:

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կատուները:

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել պատկերը` տուփիկներուն հետեւելով:

 

 

 

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES