«ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՏԻՊՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՇՈՒԻ ՆՍՏԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԱՀՄԵԹ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «Մեծն Թուրքիոյ ընդառաջ» նիւթով խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա մտադիր է վերացնել իր եւ դրացի երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հոգեբանական պատնէշները, կարգաւորել պատմութիւնը եւ կապեր հաստատել ամէնէն բարձր քաղաքական մակարդակով:

«2015-ին հաշուի պիտի նստինք բոլոր անոնց հետ, որոնք կ՛ուզեն, որ մենք դէմ յանդիման գանք սեփական պատմութեան ու անցեալին, ներառեալ` հայկական հարցին հետ», ըստ թրքական «Սապահ» օրաթերթին յայտարարած է ան:

Share this Article
CATEGORIES