ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ ԲԱԽՈՂ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐԸ ԿԸ ՄՆԱՆ ԱՆԼՈՅԾ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլի եւ նախարարներ Ժըպրան Պասիլի ու Ղազի Արիտիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթն ու անոր մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք ոչինչ յայտարարուեցաւ:

Միւս կողմէ, սակայն, Միքաթիին մօտիկ անձնաւորութիւններէն Խալտուն Շերիֆ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմը Միքաթիի գրպանին մէջ է, սակայն ան պիտի չներկայացնէ այդ կազմը` սպասելով վերջին քանի մը ժամուան բանակցութիւններուն:

Երեկոյեան «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Շերիֆ շեշտեց, որ երէկ առաւօտեան Միքաթիի հետ տեղի ունեցած հանդիպումը բացառիկ յաջողութեամբ աւարտած է. ան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին կրնայ ծնիլ:

«Նահար» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նախանցեալ օր այցելած է Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Այլ գետնի վրայ, Միքաթիին մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը մուտք գործած է իր վերջին հանգրուանը:

Share this Article
CATEGORIES