«ՍԸՐՍՈՔ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ Է…
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Արդէն իսկ աւանդական դարձած է, Լիբանանի ժամանակակից կերպարուեստի «Սըրսոք» թանգարանին կազմակերպած ամէնամեայ խմբային աշնանային ցուցահանդէսը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ 28 յունուարի երեկոյեան «Պիէլ»-ի կից գործող ընդարձակ սրահին մէջ (Կեդրոնական Պէյրութ): Երկար տարիներէ ի վեր Լիբանանի եւ առհասարակ արաբական աշխարհի մէջ կենսական դեր ներկայացնող այս թանգարանին տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ արուեստաբան Սիլվիա Աճեմեան:
Այս տարի 229 կերպարուեստագէտներու կողմէ դատական կազմին ներկայացուած են 465 ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ ցուցադրութեան արժանացած են 98 արուեստագէտներու 120 գործեր:
«Սըրսոք» թանգարանի այս տարուան մրցանակը շնորհուած է քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեանին, երիտասարդ տաղանդներու տրամադրուած մրցանակը` գեղանկարիչ Ռայա Մազիքիի: Յատուկ յիշատակութեան արժանացած են Մէյ Ապպուտ եւ Ժապր-Ժուրատինի, իսկ երեք մահացած գեղանկարիչներու (Իսիս Նասսար, Մարիօ Սապա եւ Թորոս Տէր Յակոբեան) յատկացուած են յիշատակութեան մեծարանքի անկիւններ: Երեքն ալ տաղանդաւոր արուեստագէտներ եւ կորուստ` Լիբանանի համար, սակայն Թորոս Տէր Յակոբեան կը տարբերի միւսներէն, որովհետեւ ան ժամանակակից արտակեդրոն եւ դիւրին արուեստի շարժումներէն հեռու մնացած է իբրեւ արհեստավարժ-տպաւորապաշտ գեղանկարիչ: Դժբախտաբար ամբողջ աշխարհին մէջ այսօր քիչեր միայն ունին անոր վրձնահարուածի թեթեւութիւնն ու արհեստավարժի վարպետութիւնը:
Եթէ այս ցուցահանդէսը կ՛արտացոլացնէ լիբանանեան կերպարուեստի ամբողջական դէմքը, ապա ցուցադրուած երկու ստեղծագործութիւններ կը հաստատեն, թէ ան ցարդ կը մնայ ջրանկարիչներու լաւագոյնը` Լիբանանի մէջ: Ինչպէս «Սըրսոք» թանգարանի կազմակերպած նախկին նմանօրինակ ցուցահանդէսները կը վկայեն, այս տարի եւս Լիբանանի կերպարուեստագէտներէն շատեր իրենց որակով համարձակ ու արտակեդրոն դրսեւորումներով չեն զիջիր միջազգային նորարարական-ժամանակակից շարժումներուն, սակայն դժբախտաբար բան մըն ալ չեն աւելցներ անոնց վրայ, որովհետեւ անոնց մեծամասնութիւնը փոխանակ իրենց ներշնչումները ստանան սեփական հողէն ու արեւելեան հարուստ մշակոյթներէն` կ՛իյնան արեւմտեան ազդեցութիւններու տակ, մնալով անոնց շուքին մէջ: Սակայն բարեբախտութիւն է, որ ոմանք` գիտակից այս երեւոյթին, կը փորձեն ձերբազատիլ ու ստեղծել յղացքային սեփական արտայայտչաձեւերը, ինչպէս` Մարիօ Սապա-Ֆլաւիա Քոտսի եւ կամ` Ռայա Մազիքի: Այս առումով թէեւ կային կերպարուեստագէտներ, որոնք ժամանակակից ըլլալով հանդերձ, կը կրէին արեւելեան մշակութային դրոշմ եւ կը ձգտին դէպի ինքնութիւն, անոնք ալ համեմատաբար նոյնքան տաղանդաւոր արուեստագէտներ են, ինչպէս` Ժերար Աւետիսեան, Ռաուֆ Ռիֆայի եւ կամ Ահլամ Ապաս: Իսկ ստեղծագործական առանձին քանդակագործութիւններ կրնանք առանձնացնել Զաւէն Խտըշեանի, Մկրտիչ Մազմանեանի եւ Րաֆֆի Թոքաթլեանի, ինչպէս նաեւ Մոհամետ Ապտալլայի եւ Հինտ Սուֆի գործերը:
Երբ աշխարհի մէջ կերպարուեստը մեծապէս կարեւորուած է ու սերտօրէն առնչուած` նաեւ տնտեսութեան ու քաղաքականութեան հետ, ստիպուած ենք կարկինը եւ չափանիշները լայն բանալու: Փոքր պետութիւններն ու ժողովուրդները որակով միշտ կրնան մրցունակ դառնալ միջազգային արուեստի բեմերու վրայ, իսկ որակը ձեռք բերելու համար նոյնիսկ տաղանդն ու աշխատասիրութիւնը չեն բաւեր, հարկաւոր է անոնց համապատասխան նեցուկ ու քաջալերանք ստանալ պետականօրէն: Մտած ենք քսանմէկերորդ դար, եւ Լիբանանը տակաւին ո՛չ ժամանակակից արուեստի թանգարան ունի եւ ո՛չ ալ իր կերպարուեստը միջազգայնացնելու որեւէ ծրագիր: Այս պատճառով «Սըրսոք» թանգարանը օրհնութիւն մըն է Լիբանանի կերպարուեստի զարգացման համար եւ հարկաւոր է գուրգուրալ անոր վրայ, մա՛նաւանդ օգնել ու օգտուիլ անոր ընձեռած հնարաւորութիւններէն: Ցուցահանդէսը տակաւին բաց պիտի մնայ մինչեւ փետրուարի վերջը: