Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ. «ՀԵՌՈՒ ՊԱՀԵՆՔ ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հանդիսաւոր արարողութեան պահուն

«Հեռու պահենք մեր երիտասարդները ազգավնաս վտանգաւոր մոլութիւններէ», յայտարարեց Արամ Ա. կաթողիկոս երէկ` չորեքշաբթի, 30 մարտի առաւօտուն Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տուած իր հայրապետական պատգամին մէջ:

Արդարեւ, համաձայն Լիբանանի հայոց թեմի աւանդութեան եւ ընդառաջելով Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ազգային իշխանութեան հրաւէրին, Արամ Ա. կաթողիկոս երէկ կանուխ առաւօտեան ժամանեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցի` ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու ու դպրեվանքի սաներու, եւ նախագահեց Արեւագալի հանդիսաւոր արարողութեան:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ողջոյնի խօսքէն ետք Արամ Ա. կաթողիկոսը իր կարգին ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, որ Միջինքի եւ Մեծ պահքի այս համախմբումը հոգեպարար առիթ նկատած էր` ժողովուրդ-հովուապետ հանդիպումի, ուր հաւատացեալ ժողովուրդը իր օրհնութիւնը կը ստանայ վեհափառէն:

Ձախէն աջ՝ Սուրէն Խանամիրեան, Յակոբ Բագրատունի, Արթիւր Նազարեան

Այս առիթով իր տուած հայրապետական պատգամին մէջ վեհափառը անդրադարձաւ լիբանանահայ ու առհասարակ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ազգավնաս, չորս վտանգաւոր մոլութիւններու, որոնք «ներսէն կը կրծեն մեր ժողովուրդը»:

«Եսամոլութիւնը վտանգաւոր մոլութիւն է եւ անհատը ծառան է իր պատկանած հաւաքականութեան», շեշտեց վեհափառը` ընդգծելով, որ անհատը ինքզինք կ՛իրագործէ աշխատելով ի սպաս ազգին, ընկերութեան եւ հաւաքականութեան: Միայն պատասխանատուները տէրը չեն տուեալ կազմակերպութեան մը, այլ` կազմակերպութեան անդամները հաւաքաբար տէրն են տուեալ կազմակերպութեան:

«Երկրորդ մոլութիւնը օտարամոլութիւնն է», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս եւ աւելցուց. «Մենք կը յարգենք օտարները, սակայն միաժամանակ հաւատարիմ կը մնանք մեր ինքնութեան, արմատներուն եւ ազգային արժէքներուն»:

«Երրորդ մոլութիւնը թմրամոլութիւնն է, որ ցաւ ի սիրտ սկսած է թափանցել մեր նոր սերունդի կեանքին մէջ, Լիբանանի թէ սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ», շարունակեց Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ ուղղելով Մեծ պահքի այս հոգեպարար առիթով խոստովանելու եւ ինքնահայեցութեամբ ինքզինք սրբագրելու:

«Հոս մեծապէս դերակատար են մեր ծնողները, դպրոցները, կազմակերպութիւնները` հեռու պահելու մեր երիտասարդները նման մոլութիւններէ», շեշտեց վեհափառը` թելադրելով բարձր աստիճանի նախանձախնդրութիւն ցուցաբերել` հեռու մնալու նման վնասակար մոլութիւններէ:

«Չորրորդ մոլութիւնը փառամոլութիւնն է», ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս` դիտել տալով, որ մեծ տարբերութիւն կայ փառասիրութեան եւ փառամոլութեան միջեւ: Մէկը առաւելութիւն է, իսկ միւսը` մեղք: «Ոչ մէկ կրօն կ՛ընդունի նման երեւոյթ իր կեանքին մէջ», նշեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

«Մենք կը սիրենք մեր երիտասարդները, սակայն պարտաւոր ենք զգուշացնել զանոնք նման մոլութիւններէ», շեշտեց վեհափառը` մէջբերումներ կատարելով Սաղմոսի աղօթքէն եւ ընդգծելով, որ «մեր ճամբան Քրիստոսի՛ ճամբան է»:

Արարողութեան աւարտին յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ ներկայ հիւրերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES