ԱՍԱՏ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ԴԱՒԸ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼ

Նախագահ Ասատ ժողովուրդին կ՛ուղղէ իր ուղերձը

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ խօսք մը արտասանելով խոստացաւ իր երկրին դէմ հիւսուած դաւը ձախողութեան մատնել: Սուրիոյ նախագահը ժողովուրդին ուղղուած իր ուղերձին մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն, ցաւ յայտնեց արձանագրուած զոհերուն համար եւ շարք մը բարեփոխումներ յայտարարեց:

Ան յայտնեց, որ դաւը նիւթողները միախառնած են երեք տարրեր` դաւը, բարեփոխումը եւ առօրեայ կարիքները` աւելցնելով, որ «սուրիացի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ունի կարիքներ, որոնք չեն բաւարարուած»:

Ինչ կը վերաբերի ներքին քաղաքականութեան, ան յայտնեց, որ «մեզի համար կողմնացոյցը քաղաքացին է»` վստահեցնելով, որ Սուրիա ազգային միասնականութեան աննախադէպ վիճակ մը կ՛ապրի:

«Մեր թշնամիները ամէն օր կազմակերպուած եւ գիտական կերպով կ՛աշխատին Սուրիոյ կայունութիւնը հարուածելու համար», նշեց Ասատ: Ան դատապարտեց արտասահմանի մէջ գտնուող դաւադիրները` զանոնք պատասխանատու նկատելով երկրին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութեանց:

Սուրիոյ նախագահը յայտարարեց, որ տոմինոյի այն տեսութիւնը, թէ Սուրիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ այն, ինչ որ Թունուզի եւ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցաւ, պիտի չիրականանայ իր երկրին մէջ, «ճիշդ ինչպէս նոյն տեսութիւնը Իրաքի ներխուժումէն ետք ձախողեցաւ»:

Ասատ խոստացաւ գործադրել շարք մը բարեփոխումներ, որոնք մաս կը կազմեն բարեփոխութեանց շարքի մը, որուն գործադրութեան համար աշխատանք կը տարուէր, սակայն անոնց գործադրութիւնը կարգ մը արգելքներու հանդիպած է:

«Սկիզբը չհասկցանք թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, մինչեւ որ խափանարարութիւնը սկսաւ, մինչեւ որ պատկերասփիւռի կարգ մը արբանեակային կայաններ կարգ մը վայրերու դէմ խափանարարութեան մասին խօսեցան այդ վայրերու խափանարարութեան ենթարկուելէն մէկ ժամ առաջ: Ուստի այդ մէկը ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ», հարց տուաւ ան: Ասատ հաստատեց, որ պահու սխալներն ու հակազդեցութիւնը տիրական եղան, ուստի զոհեր արձանագրուեցան «եւ հեղուեցաւ արիւն մը, որ սուրիական է, իսկ զոհերուն ընտանեկան պարագաները մեր ընտանեկան պարագաներն են»:

Ան մերժեց Տարաա նահանգի բնակիչները պատասխանատու նկատել արձանագրուած դէպքերուն համար` անոնց կոչ ուղղելով դաւը ձախողութեան մատնելու համար միասնաբար գործելու:

Share this Article
CATEGORIES