«ՍՈՒՐԻԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ է, ԻՍԿ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ ԵՐԿՈՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՎԵՐԱԲԵՐԻՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Սէյիտ Ֆատլալլա եւ Ռայի պատրիարքը

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ շարունակեց ընդունիլ շնորհաւորութիւնները:

Այս ծիրին մէջ Ռայի պատրիարքին շնորհաւորեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրին, որուն փոխանցեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ սէուտական իշխանութիւններուն ողջոյնները:

Ասիրի Ռայի պատրիարքին փոխանցեց Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին բարեմաղթութիւնները` շեշտելով, որ Ռիատ վստահ է, թէ Պշարա Ռայի պատրիարքը պիտի շարունակէ լիբանանցիները համախմբել եւ Լիբանանը ամրապնդել վտանգներուն դիմաց:

Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւն մը, որ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց նորընտիր պատրիարքին:

Երէկ Ռայի պատրիարքին ընտրութիւնը շնորհաւորեց նաեւ Հըզպալլայի հանգուցեալ հոգեւոր պետ սէյիտ Մոհամետ Հիւսէյն Ֆատլալլայի զաւակը` սէյիտ Ալի Ֆատլալլա:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա կատարելիք իր այցելութիւնը հովուապետական բնոյթ ունի` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական հարցերն ու տարակարծութիւնները երկու պետութիւններուն պատասխանատուութիւնը կը նկատուին:

Share this Article
CATEGORIES