ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԴՐՈՒԱՏԵՑ ԷՍԹՈՆԻԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ ՓՆՏՌԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ

Նախագահ Սլէյման եւ Պըրրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ դրուատեց բանակին եւ ապահովական ուժերուն ջանքերը` 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները փնտռելու եւ զանոնք ազատ արձակելու, ինչպէս նաեւ Զահլէի ասորի ուղղափառ համայնքի եկեղեցին պայթեցնելու ծալքերը բացայայտելու առումով:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովութիւնը, քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումը եւ Լիբանանի արտաքին պատկերին պահպանումը կարմիր գիծեր են, զորս պէտք չէ շրջանցել եւ ապահովական կառոյցներուն կողմէ անոնց նկատմամբ թուլութիւն պէտք չէ ցուցաբերել:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց

խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մանրամասնութիւնները:

Պաապտայի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Հանրի Հըլու եւ Անթուան Սաատ, որոնք նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեցին Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Այլ գետնի վրայ, նախագահական պալատին մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախագահ Սլէյման առաջիններէն էր, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ եւ շեշտեց, թէ Լիբանան կը զօրակցի Սուրիոյ` անոր դէմ նիւթուող դաւադրութիւններուն դէմ պայքարելու առումով:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց նաեւ, որ Սուրիոյ ղեկավարութիւնը կրնայ պահպանել Սուրիոյ գերիշխանութիւնը, փառքը եւ արժանապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր գոյատեւելու ոգին:

Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան պաշտօնապէս եւ ժողովրդային մակարդակի վրայ չի փափաքիր Սուրիոյ ապահովութեան դէմ սպառնալիքներու ականատես ըլլալ, որովհետեւ Լիբանանի ապահովութիւնը Սուրիոյ անվտանգութենէն է եւ հակառակը նաեւ ճիշդ է: Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան նախանձախնդիր է երկրին ապահովութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES