ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԻՆ. «ԸՆՏԱՆԻՔԸ, ԴՊՐՈՑԸ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՆ ԵՆ» ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ինչպէս ծանօթ է, «Ազդակ»-ի երէկուան թիւով արդէն կարճ լրատուութեամբ անդրադարձած էինք Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութեան եւ այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսի ուղղած պատգամին:

Իր պատգամին մէջ վեհափառը ողջունեց հոծ բազմութեան ներկայութիւնը մայրավանքին մէջ եւ ապա ըսաւ, թէ «Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան առնչուած դէպքերու յիշատակումը եւ տօնախմբութիւնը եկեղեցւոյ ծիսական կեանքի ծիրին մէջ սոսկ անցեալը յիշելու ու աւանդութիւն մը յարգելու համար չէ որ կը կատարուի: Եկեղեցին իր հաւատացեալները կը հրաւիրէ մասնակի՛ց դառնալու յիշեալ տօնէն եկող խորհուրդին ու պատգամին եւ այդ մասնակցութեամբ իր քրիստոնէական հաւատքը ամրապնդելու ու կեանքը պայծառակերպելու»: Անդրադառնալով Յիսուս մանուկի քառասնօրեայ տաճար ընծայման դէպքին` վեհափառը ըսաւ. «Երբ խորաթափանց մտքով կարդանք Աւետարանները, պիտի տեսնենք, թէ Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի մանկական ու պատանեկան շրջանին երեք իրականութիւններ առանցքային ներկայութիւն դարձած են. ընտանիքը, տաճարը եւ մովսիսական օրէնքներու ուսուցումը»: Ապա վեհափառը աւելցուց. «Ես պիտի ուզեմ, որ մեր մանուկներու դաստիարակութիւնը կատարենք Յիսուս մանուկի կեանքի՛ն օրինակով: Այլ խօսքով` ընտանիքը, դպրոցը եւ եկեղեցին կեդրոնական տեղ պէտք է գրաւեն հայ մանուկի հոգեւոր, բարոյական ու ֆիզիքական աճման եւ կրթութեան մէջ»:

Խօսելով հայ ընտանիքի մասին` վեհափառը յիշեցուց, թէ «հայ ընտանիքը մեր ժողովուրդին համար սրբազան կառոյց է: Ան որոշ իմաստով եկեղեցի է` իր հոգեւոր ու բարոյական մթնոլորտով. ան նաեւ դպրոց է` իր դաստիարակչական առաքելութեամբ: Հետեւաբար, հայ ընտանիքին մթնոլորտը պէտք է պահել առողջ` բարոյական, հոգեւոր ու ազգային իմաստով: Օտարին ներկայութիւնը կ՛այլափոխէ մթնոլորտը հայ ընտանիքին` զայն հեռացնելով մեր արժէքներէն, ըմբռնումներէն, հայու հարազատ ինքնութենէն: Մեզի համար անընդունելի է խառն ամուսնութիւնը: Այս մասին յաճախ անդրադարձած ենք ու միշտ պիտի յիշեցնենք` ո՛վ որ ալ ըլլայ այդ ընթացքին մէջ գտնուողը, ինչ ալ ըլլան անոր ետին կեցող դրդապատճառները, մեր ազգին ապագան սերտօրէն առնչուած է հայ ընտանիքի ներկային: Հո՛ն է, որ պիտի կրթուի վաղուան քրիստոնեայ ու հայ մանուկը»:

Յիշեցնելով հայ դպրոցին վճռական դերը հայ մանուկի դաստիարակութեան մէջ` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Անփոխարինելի է հայ դպրոցին դերը մեր մանուկներու հոգեմտաւոր դաստիարակութեան մէջ: Հայ մանուկին նկարագիրը հայ դպրոցին մէջ է, որ կը կերտուի. հայ մանուկին քրիստոնէական ու ազգային ինքնութիւնը հայ դպրոցին մէջ է, որ կը կազմաւորուի: Հայ կեանքին մէջ օտար դպրոցին ներկայութիւնը օտարացնող ազդակ մըն է. այս ուղղութեամբ պէտք է ըլլալ չափազանցօրէն զգուշ: Մեր մանուկները պէտք է յանձնել հայ դպրոցին. հո՛ն է իրենց հարազատ տունը»:

Վերջապէս, անդրադառնալով հայ եկեղեցւոյ, վեհափառը ըսաւ. «Մանուկը ընծայեցին Աստուծոյ տան: Հայ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, մեր բոլորին հարազատ ընտանիքն է. այս ընտանիքին հայրը Աստուած է: Հետեւաբար, մեր զաւակները իրենց մանուկ տարիքին պէտք է յանձնենք այս տան, որպէսզի անոնք հեռու մնան կեանքի ապականիչ հոսանքներէ ու վտանգալից փոթորիկներէ»:

 

Share this Article
CATEGORIES