ԵՐԹԱՍ ԲԱՐՈՎ ԼԻԶ. Կ՛ԱՐԺԷՐ, ՈՐ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆԴ ԱՅՐԷՐ ԻԲՐԵՒ ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹ

ԷԼԻԶԱՊԷԹ ԹԷՅԼԸՐԻ ՄԱՀՈՎ ԱՇԽԱՐՀԷՆ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ՎԵՐՋԻՆ ԳԵՐԱՍՏՂԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԱՆԳԼԻԱՑԻ ՔՆՆԱԴԱՏ ՃԻՒԼԻ ՊԻՒՐՉԻԼ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՈՃՈՎ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԵՒ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ԱՆՈՐ ՀՄԱՅՔԻՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ:

Հաւատարիմ` իր կերպարին, բնաւ` տիկին մը, ոչ իսկ` աղջիկ մը, դժուար նկարագրելի այս համապարփակ մեծութիւնը տասնամեակներ շարունակ պայքարած է վատ առողջութեան դէմ, երբ իրեն ժամանակակիցները շատոնց տեղի տուած էին թմրեցուցիչի չափազանցուած գործածութեան, ալքոլամոլութեան եւ ինքնատեացութեան: Եւ այնպիսի ժամանակներու, երբ արհեստավարժ գեղուհիներ կը սարսափին տարիքի յառաջացումի նշաններ ցոյց տալէ` վախնալով, որ որոշ տեսակի տիպարներու կնիքը կը դրոշմուի իրենց վրայ եւ նախապատուութիւն կը տրուի աւելի թարմ մորթով անձերու, հիանալիօրէն Թէյլըրի այնքան ալ չէր հետաքրքրեր լաւ տեսքով անշնչացած մարմին մը ձգել իր ետին, որքան` քամել իր կեանքի աւիշին իւրաքանչիւր կաթիլը:

Թերեւս ասիկա քիչ մը վաւաշոտ փոխաբերութիւն մըն է, սակայն` աւելի լաւ: Ութ  անգամ ամուսնացած Էլիզապեթ Թէյլըր հակապատկերն էր Մարիլին Մոնրոյի. փոխանակ մանուկի մը դէմքը կրելու չափահասի մը մարմնին վրայ եւ զոհը դառնալու արտառոց եւ վտանգ սպառնացող այն բոլոր անձերուն, որոնք պիտի ներգրաւուէին դէպի նման ցանկայարոյց հակասութիւն մը, Թէյլըր ի սկզբանէ աշխարհիկ կին մըն էր: Մանուկ աստղեր տխրահռչակ են` քանի մը տարի տգեղութեան հանգրուաններէ անցնելով, մինչ շարժապատկերի ընկերութիւններ կը սպասեն, որ անոնք բոլորեն արբունքի շրջանի իրենց անճարակութիւնը: Սակայն կը թուի, թէ Թէյլըր ուղղակի անցում մը կատարած է` Լասի շան տիպարը գրկելու եւ Մոնթկոմըրի Քլիֆթը համբուրելու միջեւ:

Երբ կը դիտենք Թէյլըրը, որ կը գրկէ Քլիֆթը` զայն համբուրելու համար իր գլուխ գործոց «Է փլէյս ին տը սան» ժապաւէնին մէջ, «Պատմէ մամային, պատմէ ամէն ինչ» ըսելով, ականատես կը դառնանք երբեւիցէ ստեղծուած ամէնէն արտասովոր կրքոտ տեսարանին: Եւ ասիկա վերջ չի գտներ, երբ նկարահանումի գործիքները կ՛անջատուին: Տարիներ ետք Մարիլին Մոնրօ պիտի համակուէր Մոնթկոմըրի Քլիֆթով, որ յայտնապէս միասեռական էր եւ տեւաբար դժգոհութիւն պիտի յայտնէր` ըսելով. «Լիզ Թէյլըր ունի Օսքար, ունի զաւակներ, ունի նոյնիսկ Մոնթին, ունի ամէ՛ն ինչ»:

Վատիկան 1960-ական տարիներուն զայն դատապարտած էր իբրեւ «ցանկայարոյց թափառաշրջիկ մը» (հաւանաբար նախատինք մըն էր այս, սակայն հոյակապ նկարագրութիւն մը կը թուի ինծի): Եու. Սի. Էլ. Էյ.ի ՍԻՏԱ-ի հիմնարկին տնօրէնը զայն ողջունած էր իբրեւ «ՍԻՏԱ-ի համար պայքարող Ժան տ՛Արքը»: Թէյլըր իր կեանքը ապրած է իր սեփական օրէնքներով. աւելի մօտ` Չոսըրի «Տը ուայֆ աֆ Պաթ՛ց թէյլ» պատմուածքին տիրական տիպարին, քան` իգական կատարելութեան անհպելի իտէալին: Մինչ Կուինըթ Փալթրոյի նման շարժապատկերի ժամանակակից տափակ աստղեր շերտ մը կարկանդակ ուտելով կը կարծեն, թէ բնականէն դուրս վայրի արարք մը կը գործեն, անդին` հայհոյող, գինեմոլ եւ արկածախնդիր այս աստուածուհին կը յիշեցնէ այն օրերը, երբ մեծ աղմուկ բարձրացնելու համար պայման չէր նոյնքան խելագար ըլլալ, որքան` Չարլի Շինը կամ Մել Կիպսընը:

Երբ հռչակաւոր տղամարդ մը կ՛ընէ այն,  ինչ որ կ՛ուզէ, զայն կը յորջորջեն «չար տղայ»: Երբ հռչակաւոր կին մը կ՛ընէ այն, ինչ որ կ՛ուզէ, կը դառնայ դարմանումի յատուկ պարագայ: Այս օրերուն Պրիթնի Սփիրզի եւ Լինտսէյ Լոհանի նման աստղեր վերակազդուրման կեդրոններու դիմելու որոշում կը կայացնեն` իբրեւ աշխարհիկ պատիժ, անոնք ձեւով մը կ՛ընդունին, թէ մեղք գործած են պատշաճութեան դէմ, եւ թէ` անկեղծօրէն կը ցանկան, որ ընկերութիւնը իրենց շնորհէ երկրորդ առիթ մը, որպէսզի վարուին բարի աղջնակներու պէս:

Թէյլըր պարզապէս կ՛արհամարհէր զինք դատապարտողները: Բնազդաբար զգալով, թէ անոնք զինք կը դատէին աւելի նախանձէ մղուած, քան` բարոյական ընդվզումէ, ինչպէս Քէյթ Մոսի պարագային` ներկայ ժամանակներուն, ան կը սողոսկէր խռովարար մէկ արարքէն միւսը: Թէյլըր սկիզբէն յանգած էր այն եզրակացութեան, թէ գեղեցկութիւնը վառելանիւթ մըն էր, որ պէտք էր այրէր իբրեւ վառելանիւթ, եւ ոչ թէ պտուղ մըն էր, որ պէտք էր պահպանուէր, եւ թէ` կ՛արժէր հետագայ տարիներու առողջութիւնը վճարել իբրեւ գին` երիտասարդութեան տարիներու զեխութեան իւրաքանչիւր կաթիլը քամելու համար:

Իր կեանքին ամբողջ ընթացքին Թէյլըր ապրած է իրեն դէմ ուղղուած տուն քանդողի եւ ամուսին խլողի ամբաստանութիւններով, ինչպէս նաեւ` այն բոլոր նախատինքներով, որոնք ընդհանրապէս կ՛ուղղուին այնպիսի անձերու կողմէ, որոնք օրական 24 ժամ կ՛ողբան, թէ ոչինչ ունին: Ի բացառութիւն Ինկրիտ Պերկմանի, որուն դէմ դատապարտումի ալիք մը բարձրացած էր ամերիկեան ծերակոյտին մէջ, եւ որուն ժապաւէններուն ցուցադրութիւնը կասեցուած էր շարժապատկերի սրահներու մէջ, որովհետեւ ան գործած էր մէկու մը հետ ամուսնանալով ուրիշէ մը յղի մնալու «ոճիրը», կնատեացութեան նման ցաւագար մոլուցք մը հազուադէպօրէն ուղղուած է իգական հանրային կերպարի մը: Սակայն, ի՛նչ բոյթ, Թէյլըր չէր մտահոգուեր:

Իշխանական յատկանիշ մը կար Էլիզապեթ Թէյլըրի սանձարձակութեան մէջ. բնաւ չբացատրել, բնաւ չդժգոհիլ: Հակառակ մուշտակներ եւ գոհարեղէն կրելու իր անվերջ նուիրումին` ան կնոջական իրաւունքներու պաշտպանի օրինակ մըն էր, այն առումով, որ կը մերժէր խպնիլ եւ տեղի տալ իր ժամանակներու գլխաւոր կեղծիքներուն: «Ի՞նչ կ՛ակնկալէք ինձմէ. առանձի՞ն քնանամ», մարտահրաւէր ուղղած էր ան թերթի մը բամբասանքներու սիւնակի  հեղինակին, երբ ան զինք ամբաստանած էր իր մեռած ամուսինին բարեկամին հետ կենակցելով:

Անպատկառ էր եւ յարգանք չունէր դիրքի նկատմամբ: «Ա՞յդ է հռչակաւոր ադամանդը: Որքա՜ն մեծ է, որքա՜ն կոպիտ», արհամարհական ժպիտով մը ըսած էր Բրիտանիոյ Մարկարեթ իշխանուհին` տեսնելով 2.5 սմ հաստութեամբ այն գոհարը, զոր Ռիչըրտ Պըրթըն Թէյլըրի համար գնած էր 1.1 միլիոն տոլարի, եւ որ կը կշռէր 69 քարաթ: «Այո,- պատասխանած էր Էլիզապեթ:- Գեղեցիկ է, այնպէս չէ՞»:

Մարկարեթ խնդրած էր իր վրայ փորձել մեծ գոհարը: «Հիմա այլեւս կոպիտ չի թուիր, այնպէս չէ՞», լակոնական ձեւով ակնարկած էր Թէյլըր:

Հաւասարապէս աստուածուհի մը եւ ազատ կեանք ապրող կին մը, անոր նմանը անգամ մը եւս պիտի չտեսնենք: Ան հզօր անձնաւորութիւն մըն էր եւ նոյնիսկ իր մահէն ետք կը գերազանցէ ամէն ինչ, որ սովորական է: Մէջբերելով «Սանսեթ Պուլվարտ»ի մէջ Նորմա Տեզմընտի խօսքը, ժապաւէնները (եւ ժապաւէններու աստղերն) են, որոնք կը նսեմանան:

Պայմա՞ն է, որ մեր դիտած իւրաքանչիւր ժապաւէնը «անմարսելի» ըլլայ:

Ոեւէ մէկուն պէս զայրոյթ կը զգամ, երբ նման բան մը կը մատուցուի: Սակայն առանձին կը զգամ, երբ կը մերժեմ այն անտաշ մատուցումը, որ գրեթէ բռնի կը կերակրուի մեզի այնպիսի հաստատութիւններու կողմէ, որոնք պէտք է գիտնան, թէ ի՛նչ է աւելի լաւը: «Ուետըրինկ հայց»ի մէկ տարբերակը պիտի ձայնասփռուի կիրակի երեկոյ մը: Անիկա պիտի պարունակէ զգայացունց եւ փողփողուն յատուկ ազդեցութիւններ: Դասական ո՞ր գործը պիտի մթագնի շուտով:

Ինծի համար կարեւոր չէ, թէ շատեր ծանուցումի համար կը վաճառեն իրենց մարմինը: Սակայն կ՛ընդվզիմ, երբ անոնք անմեղ մարմին մը դուրս կը բերեն գերեզմանէն եւ զայն վաճառքի հանելով` իրենց հետ կը տանին աղբանոց: Ամօ՛թ է ասիկա:

(Յապաւուած)

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES