ԱՆԲՆԱԿԱՆ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Տարօրինակ զգացում մը կը ճնշէր վրաս, երբ ամբողջացուցած էի Արշակ Չօպանեանի «Հրաշքը» թատերախաղը: Չեմ գիտեր` ճիշդ ո՛ր թուականին գրուած է այս թատերախաղը, բայց Չօպանեան թատերախաղին սկիզբը կը նշէ. «Այս թատերախաղը ես գրած եմ քիչ յետոյ Լոզանի խորհրդաժողովէն, ուր դաշնակից մեծ ազգերը հայ ժողովուրդին հանդէպ իրենց բոլոր յանձնառութիւնները ոտնակոխ ըրին…»:

Այս է ժամանակագրական եւ քաղաքական կացութիւնը թատրերգութեան: Այս էր, որ հետաքրքրական էր. այդտեղ էր, որ կը գտնէի իր արժէքը եւ իրապէս չկրցայ եւ չուզեցի այս գործը դատել իբրեւ «թատրոն», իբրեւ արուեստի գործ:

Ֆրանսաբնակ գրողը ստեղծած է իրապաշտ կացութիւն մը. Պարոյր ազատած է Եղեռնէն եւ պատահմամբ գտած է իր մեծ հայրը` Համբարձումը, որ անդամալոյծ դարձած է ջարդերէն ետք իր ապրած հոգեկան վերիվայրումներուն պատճառով: Անոնք կ՛ապրին միասին Փարիզ. Պարոյրին համար մեծ հայրը «(հայ) ազգին մարմնացումն է կարծես», չի կրնար լքել զայն, յատկապէս որովհետեւ լաւ կը գիտակցի, որ Համբարձում չի կրնար ապրիլ առանց իրեն: Մեծ հայրը անհամբեր կը սպասէ Լոզանի դաշնագիրի արդիւնքին. այդ է անոր միակ յոյսը: Բայց այդ դաշնագիրը ստորագրուած է ամիսներ առաջ եւ տնեցիք  արդիւնքը գաղտնի պահած են մեծ հօրմէն` անոր աւելորդ ցնցումներ չպատճառելու համար: Այդ ցնցումները, ըստ բժիշկին, կրնային բացասական ազդեցութիւն ունենալ անոր առողջութեան վրայ:

Օր մը Ֆրանսա կը հասնի մեծ հօր վաղեմի բարեկամը` Յովհաննէսը. հակառակ իր խոստումին` լուռ մնալու վերջին նորութիւններուն նկատմամբ եւ քաջ ճանչնալով իր ընկերը, անոր կը փոխանցէ դառն ճշմարտութիւնը` միակ յոյսը նկատելով նորաստեղծ Հայաստանը զարգացնելուն մէջ: Միայն այս ճշմարտութիւնները լսելով եւ իր ունեցած Հայաստանը վերագտնելու յոյսով է, որ մեծ հայրը կը բուժուի, կ՛ելլէ ոտքի եւ կ՛ուզէ երթալ հայրենիք:

Մինչ այդ Պարոյր նշանուած է Ֆրանսա ծնած ու մեծցած հայ աղջկան մը` Անժելին հետ: Պարոյր կը գտնուի երկուութեան մէջ. գիտէ, որ մեծ հայրը պիտի երթայ Հայաստան, ինչ որ ալ ըլլայ, միւս կողմէ` Անժելն ու ծնողները կը մերժեն երթալ հայրենիք:

Շարունակութիւնը հետաքրքրական է. կան երկխօսութիւններ Հայաստանին, այդտեղ տիրող վարչակարգին, այդտեղ ապրելու անկարելիութեան, հոնկէ դուրս ապրելու անկարելիութեան վերաբերեալ…

Այս հարցերու այժմէականութիւնն էր պատճառը իմ տարօրինակ զգացումին. զարմանալի էր. անցած էր ութսուն-իննսուն տարի այս գրութենէն եւ միեւնոյն հարցերը նոյնպէս կը դրուին: Գործի մը այժմէականութիւնը բնական է, երբ կը խօսինք արդէն իսկ անփոխելի հարցի մը մասին: Այդ չէ պարագան, երբ կը խօսինք քաղաքական կացութեան մասին: Ութսուն տարի առաջ եւ հիմա քաղաքական նոյն հարցերը նոյն անորոշութեամբ դնելը անհնարին է` նկատի ունենալով այս տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած զարգացումները եւ արագութեան կարեւորութիւնը…

Այո՛, Եղեռնի ազդեցութիւնը կար, այո՛, համայնավարութեան դրօշը կը ծածանէր Հայաստանի վրայ, բայց կային արդէն Չօպանեանն ու իր հերոսները, կար Չարենցը իր անուշ Հայաստանով, Սեւակը իր ձիերով… Չեմ ուզեր այս շրջանին լիիրաւ արժեւորումը ընել` զայն ձգելով մասնագէտներու: Սակայն մէկ բան յստակ է այսօր. Եղեռնէն անցած են տասնեակ տարիներ, Հայաստանի վրայ կը բարձրանայ եռագոյնը եւ ունինք նոյն անորոշ քաղաքական հարցերը, եթէ ոչ` աւելի վատերը: Այո՛, գիտեմ, որ Արցախը ազատագրեցինք եւ այդ ըրինք,  որովհետեւ ճգնաժամի մէջ էինք… սակայն այսօր ալ նոյնանման ճգնաժամի մէջ ենք…

Պայքարի ճակատները շատցած են. առնենք այն միջավայրը, որ կը ներկայացուի թատերախաղին մէջ. Եւրոպան. վիճակը աւելի վատթարացած չէ՞. քանի մը հարիւր հազար հայ կ՛ապրի Ֆրանսա, ունինք քանի մը  հայկական դպրոց  միայն: Կացութիւնը նախանձելի չէ Ջաւախքի մէջ, ունինք Արցախի հիմնախնդիր եւ պատերազմի ծագման կարելիութիւն թերեւս, ունինք Հայաստանի եւ Արցախի պետականութեան զարգացման խնդիր, արեւմտահայ քանի մը միլիոն հայերու պարագայ. ունինք մէկ ուրիշ ճակատ, որ համաշխարհայնացման պատճառով մեր մշակութային արժէքներու անտեսումն ու անոնց հանդէպ անտարբերութիւնն է:

Այս է ճշմարտութիւնը. թերեւս այս քիչ մը վնասակար թուի ձեր առողջութեան, բայց յոյսով եմ, որ այդպէս չէ եւ յոյսով եմ, որ միայն ան կրնայ քակել ձեր ոտքերուն կապանքները, եւ մենք ալ կրնանք վերջապէս քալել:

Չեմ քննադատեր ոեւէ մէկը եւ մեծ յարգանք ունիմ բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք արդէն իսկ նուիրուած են գործին, բայց կարծէք գործին մէջ  սխալ կամ պակաս բան մը կայ…

ՀՐԱԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES