ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽՐԱՀԷՆ. ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ ՊԱՀՈՂ ՀԱՐՈՒՍՏՆԵՐ «ԳԻՏԵՆ ԱՄԷՆ ԻՆՉԻ ԳԻՆԸ ԵՒ ՈՉ ՄԷԿ ԲԱՆԻ ԱՐԺԷՔԸ»

ՊՈՆՀԱՄ ԱՃՈՒՐԴԻ ՎԱՃԱՌԱՏԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԱՅԺՄ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՑՈՒՑԱԲԵՐՈՒԻ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ԻԲՐԵՒ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄ: ՈՄԱՆՔ ԿՐՆԱՆ ՄՏԱԾԵԼ, ԹԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՏԱՂԱՆԴԸ ԿԸ ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԻ ԴՐԱՄՈՎ, ԵՐԲ ԳՈՐԾԻ ՄԸ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔԷՆ ԱՒԵԼԻ` ԽՆԴՐՈՅ ԱՌԱՐԿԱՅ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՐԴԵՕՔ ՆՄԱՆՕՐԻՆԱԿ ԸՆԴՎԶՈՒՄ ՄԸ ՊԻՏԻ ՅԱՌԱՋԱՆԱ՞Ր, ԵԹԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՇՈՒԿԱՅԻՆ ՄԷՋ ԱՆՀԵԹԵԹ ԳԻՆԵՐՈՎ ՍԿՍԷԻՆ ՇԱՀԱՐԿԵԼ Ո՛Չ ԹԷ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ, ԱՅԼ` ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԷՆ ՄԵԾԱՀԱՐՈՒՍՏՆԵՐ: ԹԵՐԵՒՍ ԿԱՐԵԼԻ Է ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾ ՄԸ ԱՐԺԵՒՈՐԵԼ` ՀԱՇՈՒԵԼՈՎ, ԹԷ Ի ՎԵՐՋՈՅ ՔԱՆԻ՛ ՀՈԳԻ ՊԻՏԻ ՏԵՍՆԷ ԶԱՅՆ: ԴԺԲԱԽՏԱԲԱՐ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄԻ ՆՊԱՏԱԿՈՎ ԳՆՈՒԱԾ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ՄԵԾ ՄԱՍԸ ԿԸ ՊԱՀՈՒԻ ՄՈՒԹ ՏԵՂ ՄԸ, ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ԴԱՐՁԵԱԼ ՎԱՃԱՌՈՒԻ… ՄՍԽՈՒՄԸ ԱՅՍՊԷՍ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ, ՄԻՆՉ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ Է, ԹԷ ԶԱՆՈՆՔ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԷՆ ՇԱՏԵՐ ՄԵՌԱԾ ԵՆ ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ: ԵՒ Ի՛ՆՉ ՀԵԳՆԱՆՔ. ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՊԱՏՃԱՌ ՄԸ, ՈՐ ԱՆՈՆՑ ՎԻՊԵՐԳԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԽԹԱՆԵՆ ԳԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՎԵՐԵԼՔ ՄԸ… «ՏԻ ԷՔՈՆՈՄԻՍԹ» ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ԵՐԵՒՈՅԹԸ:

Արուեստի վաճառականներ վերածուած են պարզապէս «ապրանք վաճառող միջնորդներու», մինչ մեծահարուստներ կորսնցուցած են իրենց հետաքրքրութիւնը արուեստի ուշագրաւ գործերու գեղարուեստական արժէքին նկատմամբ եւ փոխարէնը` համակուած են անոնց դրամական արժէքով, ինչպէս կը վերլուծէ այս ճարտարարուեստին մէջ ամէնէն աւելի փորձառութիւն ունեցող հաստատութիւններէն` Պոնհամ աճուրդի վաճառատունը:

Այս ամիս Լոնտոնի մէջ շուրջ 500 միլիոն փաունտ արժողութեամբ արուեստի գործեր իջած են աճուրդի շուկայ: Պոնհամ աճուրդի վաճառատան ժամանակակից արուեստի բաժանմունքին գլխաւոր պատասխանատուն` Էնթընի ՄքՆերնի անոնց վաճառքին բարձրացուցած փոթորիկէն առաջ կը յայտարարէր. «Հետզհետէ շատ աւելի մեծ թիւով անձեր արուեստի գործերու մասին կը խօսին իբրեւ շահարկում: Շատեր հարց կու տան. արդեօք այս շահարկումը ձեռնտո՞ւ է: Արդեօք կարելի՞ է արուեստի գործերը դասել արժէքաւոր ունեցուածքներու շարքին: Ասիկա կը ջղագրգռէ զիս: Արուեստի շուկան վերիվայրումներով լեցուն շուկայ մըն է»:

«Մեզմէ շատեր անձկութիւն մը կ՛ապրին. միշտ ալ նիւթը արժէքի գնահատումներու եւ առեւտուրի համաձայնութիւններու մասին է, եւ ոչ` արուեստի: Իսկ մենք կը փափաքինք խօսիլ արուեստի գործերուն մասին, հարց տալ, թէ արդեօք արուեստի տուեալ գործ մը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՞»:

«Երբ տարիներ առաջ սկսայ աշխատիլ Քրիսթի՛զ աճուրդի վաճառատան մէջ, յաճախորդներ ինծի կը հարցնէին արուեստի տուեալ գործի մը կամ զայն ստեղծագործած արուեստագէտին մասին: 2007-ի վերջերուն անոնք սկսան հարց տալ. «որքա՞ն ծախս պիտի խլէ այս գործը եւ որքա՞ն պիտի արժէ»: Արդէն կը վերածուիս ապրանք վաճառող միջնորդի»:

Արուեստի շուկաներու խորհրդատու Թանիա Պաքրըլ Փոս համաձայն է. «Շատ աւելի մեծ թիւով գնորդներ շահարկումի դիտանկիւնէն մղուած մուտք կը գործեն արուեստի շուկայ», կ՛ըսէ ան:

Արուեստի գործեր հաւաքող անուանի մեծահարուստ Չարլզ Սաաթչի եւս քննադատած է «արուեստի գործեր գնող մեծահարուստներու նոր բազմութիւնը», զանոնք կոչելով «կոպիտ եւ յուսահատութիւն պատճառելու աստիճան դատարկ»: Ան հարց կու տայ, թէ արդեօք անոնք իրապէս կը սիրե՞ն արուեստը, թէ պարզապէս կը փափաքին ունենալ «սուղ վաճառանիշով գեղանկարներ»:

ՄքՆերնի կը բացատրէ, թէ անուանի արուեստագէտներ թիրախ ընտրելու ուղղութիւնը ծայր տուած է 2005-ին եւ շարունակուած է, մինչեւ դրամական համաշխարհային սպասարկութիւններ մատուցող Լեհման Պրատըրզ ընկերութեան քայքայումը` երեք տարի ետք: «Այժմ այս ուղղութիւնը վերսկսած է, եւ գիները սկսած են բարձրանալ ահաւոր կերպով», կ՛ըսէ ան:

Փետրուարի սկիզբը Քրիսթի՛զ վաճառատան մէջ բացումը կատարուեցաւ 14 օրուան վրայ երկարող աճուրդներու, ուր վաճառքի դրուած էին անուանի արուեստագէտներու գործեր: Վաճառքը շրջանցեց  135 միլիոն փաունտը: Ասիկա կը յաջորդէր արուեստի գործերու այնպիսի վաճառքի մը, որ մրցանիշներ կոտրած էր 2011-ին: Աճուրդի դրուած էին գործեր` Մարք Ռոթքոյէն, Կերհարտ Ռիխթըրէն, Ֆրանսիս Պէյքընէն եւ Լուսիէն Ֆրոյտէն:

Յատկանշական վաճառքներու շարքին էին Հենրի Մուրի «Ընկողմանած կերպար. փառատօն» քանդակը, որ վաճառուեցաւ 19,1 միլիոն տոլարի, նախատեսուած բարձրագոյն գինին քառապատիկը: Խոան Միրոյի «Գեղանկար-բանաստեղծութիւն»-ը վաճառուեցաւ 16,8 միլիոն փաունտի:

Քրիսթի՛զի գլխաւոր մրցակից Սոթպի՛զի վաճառքը նոյնքան լաւ չէր: Չիրականացաւ վաճառքը Միրոյէն եւ Կուսթաւ Քլիմթէն գործերու: Այսուհանդերձ, Քլոտ Մոնէի «Ճիւեռնիի մուտքը ձմրան» վերնագիրով գեղանկարը 8,2 միլիոն տոլարի վաճառուեցաւ այն գիշերը, երբ արձանագրուեցաւ 78,9 միլիոն փաունտի ընդհանուր վաճառք:

ՄքՆերնիի համաձայն, թէեւ ժամանակակից արուեստի գնորդները «գրեթէ չեն փոխուած վերջին 15-20 տարիներուն», սակայն այժմ անոնք կը դիմագրաւեն վիթխարի մրցակցութիւն մը` այս շուկային մէջ շահարկելու նպատակով մուտք գործած մեծահարուստներուն պատճառով, որոնք սկսած են շատ արագ թափով բարձրացնել գիները: «Աւանդական գնորդները ստիպուած են շատ աւելի սուղ վճարել` Միջին Արեւելքէն, Հնդկաստանէն, Չինաստանէն  եւ Հարաւային Ամերիկայէն գնորդներու առաջարկած գիներուն պատճառով», կը բացատրէ ան: Կարծէք այս նշումը հաստատելու համար` այս ամիս ի յայտ եկաւ, թէ Քաթարի իշխանը անցեալ տարուան վերջերուն  աշխարհի մրցանիշ մը կոտրած էր` 250 միլիոն տոլարի գնելով Սեզանի «Թղթախաղ խաղցողները» (տեսնել` վերի սիւնակները):

«Արուեստի շուկան «յատկանշական կերպով ուժական է», կ՛աւելցնէ ան: Լեհմանի քայքայումէն ետք գնորդները անհետացան, սակայն անոնց վերադարձը ծայր տուաւ 2010-ին, երբ Ալպերթօ Ճիաքոմեթթիի «Քալող մարդը» վաճառուեցաւ 65 միլիոն փաունտի: «Կը թուէր, թէ ամէն ինչ կը վերադառնար իր հունին,- կ՛ըսէ ՄքՆերնի,- սակայն որակը դուրս մնաց»: Անցեալ երկուշաբթի Պոնհամի կազմակերպած աճուրդին ընթացքին Ֆրանք Աուրպախի ածխամատիտով եւ կաւիճով Ֆրոյտի մէկ դիմանկարը վաճառուեցաւ 480 հազար փաունտի, ինչ որ շատ մօտ էր ակնկալուած բարձրագոյն գինին:

 Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES