ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԿԱՐԼԵՆ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ԵՐԵՔ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ՄԵԹԱԼՈՒՐԿ ՏՈՆԵՑՔԻ ՀԵՏ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Փիւնիկ Երեւանի միջնապահ, Կարլեն Մկրտչեան երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Մեթալուրկ Տոնեցքի հետ:

Մկրտչեան, որ 2010-ին տիրացաւ Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին, այսօր կը մեկնի Ուքրանիա` միանալու համար իր նոր խմբակիցներուն, կը յայտնէ Փիւնիկի մամլոյ քարտուղարութիւնը:

Հակառակ անոր որ Ուքրանիոյ մէջ մարզիկներու փոխանցումները դադրած են, սակայն իւրաքանչիւր ակումբ իր կազմին միայն մարզիկ մը միացնելու իրաւունք ունի: Հայրենի ֆութպոլիստը այդ մարզիկներուն շարքին է:

Թէեւ նոյեմբեր 2010-ին Մեթալուրկ շատ մօտէն հետաքրքրուած էր Մկրտչեանով, սակայն ան ձմրան ընթացքին մեկնեցաւ Քրասնոտար (Ռուսիա)` հոն փորձառական շրջան մը անցընելէ ետք: Սակայն ան վիրաւորուելով մեկնեցաւ Գերմանիա, ուր ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան:

Նշենք, որ այժմ Մեթալուրկ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 26 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES