«ԵՐԵՒԱՆ- ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ ԹՌԻՉՔԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՈՒՂԵՒՈՐԸ ԵՍ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՄ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Նախագահներ Քալմի- Ռէյ եւ Սարգսեան` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Երեւան գտնուող Զուիցերիոյ նախագահ Միշլին Քալմի-Ռէյի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստան պէտք չէ վհատի, եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը 24 ապրիլի իր աւանդական ուղերձին մէջ կրկին չարտասանէ ցեղասպանութիւն բառը:

«Մեր ցանկութիւնը միշտ եղած է եւ կը մնայ այն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր տարեկան ուղերձին մէջ շատ յստակ գնահատականներ տայ եւ արտասանէ ցեղասպանութիւն բառը… Ես մէկ անգամ չէ, որ արտայայտուած եմ եւ հիմա կրնամ ըսել, որ ժամանակին անձամբ խնդրած եմ Միացեալ Նահանգներու նախագահէն, որպէսզի այդ բառը օգտագործէ», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:

Շեշտելով, որ ցանկութիւնը եւ իրականութիւնը տարբեր բաներ են, Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ ամէնէն լաւ պահը այն կ՛ըլլայ, երբ ցանկութիւնը կը համընկնի իրականութեան հետ: «Ցանկանք, որ այդպէս ըլլայ, բայց եթէ այդպէս չըլլայ, մենք վհատելու հիմք պիտի չունենանք եւ մշտապէս անոր համար պիտի պայքարինք, նշեց Սերժ Սարգսեան:

Հայ-թրքական հաշտեցման հոլովոյթի փաստացի սառեցումէն ետք Միշլին Քալմի-Ռէյ, որ անցեալին Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարն էր եւ միջնորդի դեր ստանձնած էր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, պարբերաբար պաշտօնական Երեւանին եւ Անգարային կոչ կ՛ուղղէր նոր քայլերու ձեռնարկելու յարաբերութիւններու բարելաւման համար:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին այն հարցումին, որ արդեօք Զուիցերիա կը շարունակէ՞ իր միջնորդական ջանքերը, թէ՞ «ձեռքերը լուացած է», Զուիցերիոյ նախագահը յայտնեց, որ Զուիցերիոյ միջնորդութիւնը աւարտած է 10 հոկտեմբեր 2009-ին` ցիւրիխեան արձանագրութիւններու ստորագրութեամբ: Սակայն, Զուիցերիա կը ցանկայ, որ արձանագրութիւններու վաւերացման հոլովոյթը վերսկսի, եւ ան պատրաստ է կատարելու այն ինչ որ կողմերը կը քաջալերէ:

«Անշուշտ տակաւին երկար ճամբայ ունինք կտրելիք, սակայն, կը կարծեմ, որ 2009-ին հայ-թրքական արձանագրութիւնները ստորագրելու ընթացքին դրսեւորուած քաղաքական արիութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը կարելիութիւն կու տան յուսալու, որ մենք ակնկալուող արդիւնքները ձեռք կը բերենք», եզրափակեց Զուիցերիոյ նախագահը:

Իր կարգին, Սերժ Սարգսեան յայտնեց հետեւեալը. «Ափսոսանքով նշեցի, որ Թուրքիա կը խուսափի իր ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումէն եւ այսպիսի գործելաոճով կ՛արժեզրկէ թէ՛ մեր նախաձեռնութիւնը եւ թէ՛ հոլովոյթին մէջ ներգրաւուած կողմերուն ջանքերը», յայտարարեց Սերժ Սարգսեան:

Հայաստանի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ վայրէջք կատարելիք ուղղաթիռները ռմբակոծելու մասին Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն` շեշտելով, որ օդային փոխադրութենէն օգտուելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բնակչութեան իրաւունքը կասկած չի յարուցեր: Ըստ անոր, այսպիսի յայտարարութիւնները աշխարհի նորօրեայ պատմութեան մէջ քիչ չեն եղած, սակայն անոնք հնչած են ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն կողմէ:

Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, որ պետութեան կողմէ կատարուող այդ յայտարարութիւնները հիւանդ մարդոց ելոյթներ են: Ան նշեց, որ այդ յայտարարութիւնները մեկնաբանելու կարիք չկայ: «Բայց ես կրնամ ընել իմ յայտարարութիւնս` Երեւան – Ստեփանակերտ թռիչքին առաջին ուղեւորը ես պիտի ըլլամ, ես` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահս», աւելցուց ան:

Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան առաջին օրը Զուիցերիոյ նախագահը երէկ Ծիծեռնակաբերդի մէջ ծաղիկներ զետեղեց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին, այցելեց Ս. Էջմիածին եւ մասնակցեցաւ Զուիցերիոյ դեսպանատան բացման արարողութեան:

Այսօր Միշլին Քալմի-Ռէյ պիտի մեկնի Գիւմրի, ուր պիտի այցելէ «Քազա» մարդկային հիմնադրամի գրասենեակը:

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Միշլին Քալմի-Ռէյի հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանութեան բացումը կ՛արձանագրէ կարեւոր քայլ մը եւս երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններու` յատկապէս վերջին տարիներու վերընթաց զարգացման ճամբուն վրայ:

Երկու կողմերը ընգծեցին, որ հայ-զուիցերիական բարեկամութիւնը ունի երկարամեայ պատմութիւն եւ այսօր կողմերը կրնան արձանագրել, որ երկու երկիրներուն միջեւ վերջին տարիներուն հաստատուած են բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ, քաղաքական սերտ երկխօսութիւն, իսկ Երեւանի մէջ դեսպանութեան հիմնադրումը պիտի նպաստէ երկու երկիրներու բարեկամութեան յաւելեալ խորացման:

 

Share this Article
CATEGORIES