ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԱՅՍ շաբաթ օր Լիբանանի մէջ համայնքային վարչակարգին տապալումը պահանջող ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ Թրիփոլիի մէջ: Այլ ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ կիրակի օր` Սայտայի մէջ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի` ակնարկելով Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումներուն, յայտնեց, որ Սուրիա իր ազատ կամքով կառչած կը մնայ նախագահ Պաշշար Ասատին, որ իր բոլոր խոստումները պիտի գործադրէ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի դեսպաններ Ինան Էօզեըլտըզը եւ Ահմետ Պըտիաուին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճառը կարեւոր պատասխան մըն էր բոլոր անոնց, որոնք Դիմադրութեան ամրոցին դէմ դաւադրութիւն կը նիւթեն:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ Վերտանի մէջ տեղի ունեցած նախանցեալ օրուան հանդիպումը ամէն իմաստով դրական եղած է` յոյս յայտնելով, որ այդ հանդիպումին ընթացքին կատարուած խորհրդակցութիւնները մօտիկ ապագային արդիւնաւորուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ իրենք վշտացած են վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն` աւելցնելով, որ տակաւին համաձայնութիւն մը չէ գոյացած կառավարութեան կազմութեան առումով:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար զօր. Մուսթաֆա Համտան շեշտեց Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը` Լիբանանի բարգաւաճման ի խնդիր:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա մերժած է կատարուած իրողութեան  կառավարութեան մը կազմութեան գաղափարը, իսկ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ խորհուրդ տուած է նման հաւանականութենէ մը հեռու մնալ, որովհետեւ այդ մէկը կը նշանակէ կառավարական կազմ մը, որմէ կը բացակայի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտ կան շարք մը պատճառներ, որոնք կը դժուարացնեն կառավարութեան կազմութիւնը, «սակայն այդ պատճառներուն եւ խոչընդոտներուն մասին մենք տեղեակ չենք», ըսաւ ան:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հրաժարի իր պաշտօնէն եւ երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատի նշանակուի վարչապետ:

ՊԱԱՊՏԱՅԻ աղբիւրներ «Պայան» օրաթերթին հաղորդեցին, որ ոչ մէկ տուեալ ցոյց կու տայ յաջորդ կառավարութեան կազմութեան ծնունդին նշոյլը: Նոյն օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Միքաթիի աղբիւրներէն, յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերը անկիւնադարձային պիտի ըլլան` նոր կառավարութեան կազմութեան առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի նշեց, որ շրջանին մէջ հարցերուն լուծումը դժուար է` արաբական-իսրայէլեան տագնապին պատճառով:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Մըր նշեց, որ շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումները ապացուցած են, թէ որոշ երկրի մը միջադէպերը իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան այլ երկիրներու վրայ:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները ներքին բնոյթ ունին, ինչպէս նաեւ հետեւանք են ամերիկեան ճնշումներուն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Նաամէի հանդիպակաց ծովուն վրայ ջախջախուած եթովպիական օդանաւին մասին հետաքննութիւնը յստակօրէն ցոյց տուած է, որ օդաչուն յոգնութենէն սպառած էր:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES