ԼՈՐԱՆ ՖԱՊԻՒՍ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԵՐՈՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Լորան Ֆապիւսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ներկայիս արաբական աշխարհին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակն ու Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթը:
Այս ծիրին մէջ քննարկուեցան նաեւ արաբեւիսրայէլեան տագնապին լուծման նպատակով պաղեստինեւիսրայէլեան բանակցութիւններուն վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատել:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն:
ՊԸՐՐԻԻ ՄՕՏ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ֆապիւսը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Մահմուտ Պըրրի եւ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու, նախկին նախարար Թալալ Սահիլի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ֆապիւս դրուատեց լիբանանցի պատասխանատուներուն կողմէ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարեկամութեան պահպանման գծով ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Ֆապիւս յայտնեց, որ ինք մեծ հետաքրքրութեամբ լսած է Լիբանանի եւ շրջանի կացութեան մասին լիբանանցի պատասխանատուներուն մեկնաբանութիւնները:
Ան ընդգծեց, որ Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ բարեկամական ամուր կապ մը կայ եւ մաղթեց, որ այդ կապը հետզհետէ աւելի եւս ամրապնդուի:
ՎԵՐՏԱՆԻ ՄԷՋ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Վերտանի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ֆապիւսը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնի:
Ֆապիւս Միքաթիի հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական հարցերն ու շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումները:
ՀԱՐԻՐԻԻ ՀԵՏ
Նշենք, որ Ֆապիւս այցելեց նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: