Գերմանիոյ Խորհրդարանը Ցեղասպանութիւններու Ժխտումը Քրէականացնելու Խնդրագի՞ր Մը Պիտի Քննարկէ

Գերմանիոյ խորհրդարանը

Գերմանիոյ մէջ գտնուող աղբիւր մը PanArmenian.net կայքէջին կը յայտնէ, որ  նիստերէն մէկուն ընթացքին Գերմանիոյ խորհրդարանի Խնդրագիրներու վերաբերեալ յանձնախումբը պիտի քննարկէ Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան կողմէ որդեգրուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: «Ի պատասխան 26 յունուար 2012-ին ներկայացուած խնդրագիրին, խորհրդարանի յանձնախումբը դոկտ. Թեսսա Հոֆմանի գլխաւորած Ցեղասպանութիւններու ճանաչման բաժանմունքին տեղեկացուցած է տուեալ հարցը քննարկելու մտադրութեան մասին»:

Ըստ աղբիւրին, Գերմանիոյ խորհրդարանի յանձնախումբը այս հարցին շուրջ պիտի կողմնորոշուի` համանման օրինագիծին վերաբերեալ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որոշումէն ետք:

Ինչպէս ծանօթ է, Գերմանիոյ խորհրդարանը յունիս 2005-ին, առանց նախնական քննարկման միաձայն որոշում որդեգրեց` «24 ապրիլ 1915-ի հայոց ջարդերու 90-ամեակին կապակցութեամբ յայտարարել յիշատակի օր. Գերմանիան պէտք է նպաստէ հայերու եւ թուրքերու յարաբերութիւններու կարգաւորման»: Որոշումին նախագիծը ներկայացուած էր Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւն եւ Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն կուսակցութիւններուն կողմէ: Փաստաթուղթին մէջ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած գործողութիւնները ցեղասպանութիւն չեն որակուիր, սակայն կայ պարբերութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ միջազգային աղբիւրները տեղի ունեցածը Հայոց ցեղասպանութիւն կը կոչեն:

 

Share this Article
CATEGORIES