ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ՍԱԼԵՀԻ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴՆԵՐՈՒ ՑՈՅՑԵՐ

Սալեհի ընդդիմադիրներու հաւաքէն

Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի համակիրներ եւ անոր հակառակորդներ երէկ մայրաքաղաք Սանաայի մէջ ցոյցեր կատարեցին` ջանալով հակառակորդ ճամբարէն մեծաթիւ մասնակցութիւն ապահովել: Երկու կողմերը կը փորձեն վերակենդանացնել նախագահին ճակատագիրը վճռելու բանակցութիւնները:

Արաբական աշխարհի ամէնէն աղքատիկ երկրին մէջ շաբաթներէ ի վեր տեղի ունեցող ցոյցերը Սալեհի 32-ամեայ իշխանութիւնը տապալման եզրին բերին, սակայն Միացեալ Նահանգներ եւ Սէուտական Արաբիա մտահոգ են, թէ երկրի մը մէջ, ուր Քայիտայի գործունէութիւնը կ՛աշխուժանայ, ո՛վ պիտի փոխարինէ նախագահը:

Ուրբաթ օրուան նամազէն առաջ իսկ իրարմէ շուրջ 4 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող երկու հակադիր հաւաքները մեծաթիւ մասնակիցներ ապահոված էին: Սալեհի հակառակորդները իրենց հաւաքը կոչեցին «Փրկութեան ուրբաթ», իսկ համակիրները` « Եղբայրութեան ուրբաթ»:

Share this Article
CATEGORIES