ԼԻՊԻՈՅ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ԶԻՆԱԴՈՒԼԻ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐ ԿԸ ՃՇԴԵՆ

Լիպիացի ըմբոստներ` կառավարական հրկիզուող դիրքերու առջեւ

Լիպիոյ ըմբոստներու ղեկավար Մուսթաֆա Ապտուլ Ժալիլ Պենկազիի մէջ ՄԱԿ-ի պատուիրակ Ապտուլլա Խաթիպի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ ըմբոստները համաձայն պիտի գտնուին զինադուլ հաստատելու, եթէ Մոամմար Քազզաֆի իր ուժերը հեռացնէ քաղաքներէն եւ իր վարչակարգին դէմ խաղաղ ցոյցերը արտօնէ: Խաթիպ Պենկազի կ՛այցելէ Լիպիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու յոյսով:

Ապտուլ Ժալիլ յայտնեց, որ վարչակարգը պէտք է իր ուժերը հեռացնէ եւ բոլոր պաշարումները վերացնէ: Ան շեշտեց, որ ըմբոստներուն գերագոյն նպատակը Քազզաֆիի հեռացումն է: «Մեր նպատակը ազատագրելն է եւ ամբողջ Լիպիոյ վրայ գերիշխանութիւն հաստատելն է` մայրաքաղաք ունենալով Թրիփոլին», ըսաւ ան:

Լիպիական պետական պատկերասփիւռի կայանը գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Պուզէյտ Տորտայի հետ հարցազրոյց մը սփռեց` հերքելու համար այն տարաձայնութիւնները, թէ արտաքին գործոց նախարար Մուսա Քուսայի նման ան դասալիք դարձած է: «Ես Լիպիոյ մէջ եմ եւ հակառակ ամէն բանի այստեղ պիտի մնամ` յեղափոխութեան նոյն ճամբարին մէջ», ըսաւ ան:

Սպիտակ տունը յայտնեց, որ յստակ է, թէ Քազզաֆիի ներքին շրջանակը սկսած է քայքայուիլ: Նշենք, որ Լիպիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Ապտել Սալամ Թրեքի Քուսայի դասալքութենէն մէկ օր ետք յայտարարած էր, որ կը հեռանայ Քազզաֆիէն:

Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը հաղորդեց, որ Քազզաֆիի վարչակազմը գաղտնի բանակցութիւններ վարած է Բրիտանիոյ իշխանութիւններուն հետ: Այդ նպատակով Բրիտանիա ուղարկուած է Քազզաֆիի որդիներէն Սէյֆուլ Իսլամի օգնական Մոհամետ Իսմայիլը: Բրիտանական կառավարութեան աղբիւրներ հաստատած են վերջերս Իսմայիլի Լոնտոն այցելութիւնը: Ըստ օրաթերթին, Իսմայիլի այցելութիւնը հաւանաբար լիպիացի պաշտօնատարներու եւ Արեւմուտքի միջեւ բանակցութեանց փուլերէն մէկն է, եւ անոնց օգնութեամբ «վերջերս Լիպիոյ վարչակազմը կը փորձէ երկրին մէջ ստեղծուած իրադրութենէն ելք գտնել»:

Մինչ այդ, տոքթ. Սուլէյման Ռեֆարտի «Պի.Պի.Սի.»ին յայտնեց, որ 7 քաղաքայիններ եւ 25 ուրիշներ վիրաւորուած են, երբ միջազգային ուժերը Պրիքայէն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Զաուիա Արկոպի մէջ Քազզաֆիի ուժերու զօրասիւն մը հարուածած են: Ըստ անոր, բոլոր զոհերը 12-էն 20 տարեկանի միջեւ են:

Միւս կողմէ, լիպիական պետական «Ժանա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քազզաֆի յայտարարած է, որ միջազգային ուժերու մասնակից երկիրներու ղեկավարները պէտք է հրաժարին, որպէսզի կանգ առնեն «խելագար արիւնահեղութիւնը, օրէնքի ուժին դէմ ուժի օրէնքին յաղթանակը եւ Միջերկրական ծովու շրջանի ընդհանուր շահերու ոչնչացումը»:

«Այդ արկածախնդիրները կ՛ուզեն մեզ միջնադար տեղափոխել եւ սկսած են վտանգաւոր պատերազմի մը, որուն վերահսկողութիւնը շուտով պիտի կորսնցնեն», յայտարարած է ան:

Քազզաֆի արեւմտեան երկիրներու ժողովուրդներուն խորհուրդ տուած է ընտրել նոր ղեկավարներ, որոնք պիտի հասկնան միջազգային յարաբերութիւններու եւ միջազգային օրէնքներու իմաստը: Այլապէս, ըստ Քազզաֆիի, «աշխարհը ականատես պիտի ըլլայ իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ սարսափելի պատերազմի»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES