ՌԱՊԻԷԻ ՄԷՋ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ – ԱՐՍԼԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արսլան եւ զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան  զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը` ընկերակցութեամբ կուսակցութեան փոխնախագահ Մարուան Ապու Ֆատելի:

Հանդիպումէն ետք Արսլան իր կատարած յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ այդ այցելութիւնը զօր. Աունի որպիսութիւնը հարցնելու նպատակով կատարուած է` նկատի ունենալով, որ ան վերջերս ենթարկուած էր բժշկական քննութիւններու:

Արսլան աւելցուց, որ հանդիպումին ընթացքին իրենք քննարկած են նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ հոլովոյթին ստացած սխալ ընթացքը: Ան շեշտեց, որ այս ձեւով չէ, որ պէտք է կազմուի Լիբանանի կառավարութիւնը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է յաւելեալ անկեղծութեամբ եւ լայնասրտութեամբ կազմել կառավարութիւնը:

Արսլան նշեց, որ ինք զօր. Աունը տեղեակ պահած է իրենց կուսակցութեան կեցուածքներուն մասին եւ անոր փոխանցած իրենց վերապահութիւնները` կառավարութեան կազմութեան ձեւին  առնչութեամբ:

Արսլան ընդգծեց այն մօտեցումը, որ ուժային նախարարութիւնները տիւրզի, կաթողիկէ, հայ առաքելական կամ փոքրամասնութիւնները ներկայացնող անձնաւորութիւններուն չեն յանձնուիր: «Այս մօտեցումը կ՛ահաբեկէ երկրին համախոհութիւնը», ըսաւ ան:

Արսլան շեշտեց, որ ինք իր համայնքին դէմ դաւադրութիւն չի կրնար գործել, «հետեւաբար` մենք չենք ընդունիր, որ մեզի յատկացուի պետական նախարարութիւն մը», աւելցուց ան:

 

Share this Article
CATEGORIES