ՊԸՐՐԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԱՍԻՆ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՅ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ  ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին ինք առաջարկած է լուծումներ այն խոչընդոտներուն, որոնք կ՛արգելակեն Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:

Պըրրի մերժեց այն յայտարարութիւնները, թէ կան արտաքին շարք մը թնճուկներ, որոնք կը խոչընդոտեն կառավարութեան կազմութիւնը:

«Միքաթիի կազմելիք կառավարութիւնը ի վերջոյ ցամաք պիտի հասնի եւ անոր ծնունդը կարելի պիտի ըլլայ յայտարարել», եզրափակեց ան:

Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահը ընդունեց Զահլէի եւ Պեքաայի քաղաքապետութեանց համադաշնակցութեան նախագահ Իպրահիմ Նասրալլան` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի քաղաքապետական եւ թաղապետական հարցերու ընդհանուր պատասխանատու Պասսամ Թլէյսի, ինչպէս նաեւ Ամալ շարժումի Պեքաայի պատասխանատու Մուսթաֆա Պալանիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պեքաայի եւ Զահլէի կարիքները եւ այդ շրջաններուն մէջ որդեգրուելիք բարգաւաճման ծրագիրները:

 

Share this Article
CATEGORIES