50 Տարի Առաջ (9 մարտ 1962)

Լիբանանահայ
Ազգային Կեանք

6 մարտ 1962, երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, պաշտօնական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Ֆրանսական համալսարանի ամփիթատրոնին մէջ, տոքթ. Ժոզեֆ Արսլանեանի փրոֆեսէօրութեան տիտղոս ստանալուն առիթով: Սոյն հանդիսութեան, մասնաւոր հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ թեմիս առաջնորդ սրբազանը` ընկերակցութեամբ Վարդան վրդ. Տեմիրճեանի:

Սրբազանը Միւֆթիին Մօտ

Սրբազան առաջնորդը չորեքշաբթի, ժամը 10:30-ին ընկերակցութեամբ Վարդան վարդապետի, Տար էլ Ֆաթուա գնաց եւ իսլամական տօնին առիթով Լիբանանի Հանրապետութեան Մեծ միւֆթիին` շէյխ Մոհամետ Ալայայի եւ իսլամ համայնքին ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին եւ Լիբանանի հայ համայնքին ջերմ շնորհաւորութիւններն ու լաւագոյն բարեմաղթութիւնները:

«Խանամիրեան Քոլեճի»
Շինութեան
Հարցը

Իսկ նոյն օրը ժամը 11:30-ին առաջնորդ սրբազանը Ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց դպրոցաշէն եւ կրթասէր բարերար Սուրէն Խանամիրեանը, որուն հետ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ կառուցուելիք «Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճ»-ին շուրջ եւ որոշուեցաւ փութացնել շինութեան նախապատրաստական աշխատանքները:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ազգ. քաղաքական ժողովոյ անդամները եւ պէյրութահայ ծանօթ եօթը ճարտարապետներ հանդիպում մը ունեցան Ազգ. առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, ուր առաջնորդ սրբազանը կառուցուելիք շէնքին շուրջ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ եւ յայտնեց բարերարին կամքը` ըստ ամենայնի տիպար եւ շքեղ քոլեճ մը ունենալու համար:

Նոյն օրը ժամը 7:30-ին, Խորէն սրբազանին` գլխաւորութեամբ, Ազգ. Գաւառական ժողովի դիւանը եւ քաղաքական ժողովը իր լրիւ կազմով պաշտօնական այցելութիւն մը տուին ազգ. բարերար Սուրէն Խանամիրեանին եւ ազգին եւ ազգ. իշխանութեան խոր երախտիքն ու շնորհակալիքը յայտնեցին անոր այս մեծարժէք եւ հոյակապ նուիրատուութեան համար:

Հայկազեան Քոլեճի
Դասախօսութիւնները

Հայկազեանի վերջին դասախօսն էր Երուանդ Քասունի` թոռը վեր. Եղիա Քասունիի, որ իր լայն բաժինը բերած է հայ մշակոյթին` ուսումնասիրական գործերով: Երուանդ Քասունի Հայկազեանի առաջին շրջանաւարտներէն է եւ այժմ ուսուցչութեամբ կը զբաղի:

Ընտրուած նիւթն էր «Հայ ժողովուրդի ծագումը եւ կազմաւորումը»: Մէկ ժամուան մէջ ջանաց ամփոփ գիծերով տալ այս բարդ նիւթը:

Երեք աւանդութիւններ կան մեր ժողովուրդի ծագման մասին: Առաջինը հայկականն է, երկրորդը` վրացական, որ մեծ տարբերութիւն մը չունի հայկականէն, իսկ երրորդը յունականն է:

Պատմականին անցնելով` մի առ մի թուեց այս ժողովուրդներու անունները, ու նկարագիրները որոնք իրարու շաղախուելով կազմեցին հայ ազգը: Հիթիթները, մեդոնցիներ եւ հնդեւրոպական հուրի կամ հարի խումբ մը, կազմած են մեր ժողովուրդի հիմնական տարրը, որ կազմաւորուած է Հայասա-Ապի շրջաններուն մէջ: Ապին հետագային Բարձր Հայք պիտի կոչուէր: Միւս կողմէ` պէտք չէ մոռնալ նաեւ Նայիրիի շրջանը եւ Ուրարտուն: Զանազան ժողովուրդներու լեզուները իրարու միաձուլուելով կը կազմեն մեր լեզուն:

Իշխանութիւններ իրարու յաջորդած են, որոնցմէ են նաեւ Երուանդեաններու չորս շարքը, որոնք Արտաշէսեաններու կողմէ կը նուաճուին: Արտաշէսեանները վերջնականապէս կազմաւորուած, հայ լեզուն որպէս պետական լեզու պարտադրեցին իրենց ենթակայ ժողովուրդներուն:

Պատմական քարտէսի մը վրան կատարած իր ցուցմունքներով յարգելի դասախօսը մեծապէս դիւրահասկնալի դարձուց նիւթը:

Յաջորդ դասախօսն է Վահէ Վահեան` նիւթ ունենալով քնարերգական բանաստեղծութիւնը:

Գ. ԱԲԷԼԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES