Այնճարի Ձիւնը Արուեստի Գործի Դրսեւորման Առիթ Հանդիսացաւ

Վերջին օրերուն Այնճարի մէջ տեղացած ձիւնը կեանք տուաւ արուեստի գեղեցիկ ստեղծագործութեան մը: Այս մասին Tert.am լրատուական կայքէջին հաղորդեցին Այնճարէն:

Վերջին ձիւնամրրիկին ընթացքին Այնճար հայաւանը ականատես եղաւ ձիւնի առատ տեղումներու: Երեւոյթ մը, որ 20 տարիէ ի վեր տեղի չէր ունեցած «Փոքրիկ Հայաստան» կոչուող այս աւանին մէջ:

Այնճարի առատ ձիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ աւանի զաւակ` գեղանկարիչ-քանդակագործ Րաֆֆի Անտոնեան, տեղւոյն Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան քոլեճի բակին մէջ հաւաքուած ձիւնով քանդակէ Մեսրոպ Մաշտոցի կերպարը:

Նշենք, որ 1939-ին Լիբանանի Պեքաայի դաշտին մէջ` մուսալեռցիներուն շնորհիւ ստեղծուած Այնճարը աշխարհի միակ աւանն է, որ ամբողջութեամբ հայկական է:

Share this Article
CATEGORIES