Մեծարելով Արամ Հայկազն Ու Անոր Գրականութիւնը` Գրագէտ Յակոբ Պալեան Արծարծեց Հայութեան Եւ Հայ Գրականութեան Ցաւերը

Սարգիս Կիրակոսեան

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 8 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած գրագէտ Արամ Հայկազի գրական վաստակին:

Լիբանանահայ գաղութի մշակութասէր հանրութեան մատուցուած այս ձեռնարկին  բացումը կատարեց բանաստեղծ Սարգիս  Կիրակոսեան, որ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով Արամ Հայկազի կենսագրականը:

Բուն անունով Արսէն Չեքեմեան, Արամ Հայկազ ծնած է գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի Շապին  Գարահիսար շրջանը` 1900-ին: 1915-ին մասնակցած է Շապին Գարահիսարի  հերոսամարտին: Աւելի ուշ, չորս տարի մնացած է  «Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ», ուր ապրած իր փորձառութիւնները հետագային համանուն գրական գլուխ գործոցի մը ընդմէջէն փոխանցած է  նոր սերունդներուն: «Հեզասահ, անմիջական ջերմութեամբ բաբախող, իր հայ, չին թէ իրլանտացի տիպարներով, հմուտ գրագէտի սուր գրիչ ունէր Արամ Հայկազ», ըսաւ Կիրակոսեան` նշելով, որ եղբօրը` Հայկազի անունը  վերցնելով,  Արամ Հայկազ, կը յատկանշուի իր անմիջական շրջապատը շնչաւորող մտաւորական գրագէտի ոճով: Ապա ան ներկայացուց օրուան գեղարուեստական յայտագիրը:

Սիլվա Քիւրքճեան

Այնուհետեւ դաշնակի վրայ ելոյթ ունեցաւ Բալիկ  Լատոյեան` նուագելով Արամ Խաչատուրեանի  «Վաղարշապատ»-ը: Անոր յաջորդեց Սիլվա  Քիւրքճեան, որ Արամ Հայկազի «Ապրէք երեխէք»-ի ընթերցումով  հմայեց ներկաները` զանոնք հոգեպէս փոխադրելով Արամ Հայկազի ապրած աշխարհը: Ապա  Մարինէ Հալաճեան, Գէորգ  Քէշիշեան ու Սարգիս Հալաճեան եռեակը ելոյթ ունեցան սրինգի, ջութակի եւ դաշնակի վրայ` սոյն ձեռնարկին տալով մշակութային  շունչ ու ոգի:

Յակոբ Պալեան

Օրուան բանախօսը` «Բագին» գրական հանդէսի խմբագիր, մտաւորական, գրագէտ, կրթական մշակ Յակոբ Պալեան նախքան իր խօսքը դիտել տուաւ նման ու առհասարակ մշակութային ձեռնարկներու ներկաներու թիւին նուազումը`  զայն նկատելով վտանգաւոր երեւոյթ: Արամ Հայկազի, ինչպէս նաեւ Եդուարդ Պոյաճեանի   ու այլ գրողներու նշումով եւ անոնցմէ մէջբերումներ կատարելով Պալեան մտահոգութիւն յայտնեց յատկապէս նոր սերունդին մօտ նկատուող ընթերցումի հետաքրքրութեան նահանջին գծով` հարց տալով, թէ այսօր ի՞նչ համեմատութեամբ  կը կարդացուին Արամ Հայկազի գործերը: Ան յաճախակի մէջբերումներ ընթերցելով վեր առաւ  Արամ Հայկազի գրական արժանիքները` ընդգծելով, որ ան պարզ ոճով վկայութիւն է ապրուած ճակատագրի մը, որ անձէն անդին ազգի՛ մը ճակատագիրն է: «Հիմա որ արտաքին թշնամի չկայ, ո՞վ կրնայ արգելք հանդիսանալ, որ մենք տէր ըլլանք մեր ժառանգութեան ու զայն փոխանցենք նոր սերունդին», հարց տուաւ բանախօսը: Ան յայտնեց, որ Արամ Հայկազի  գրականութիւնը տեղահանութեան, գոյապայքարի, բրտօրէն ապրուած արկածախնդրութիւններու պատում է, հարցականի ձեւով թելադրելով  զանոնք կարդալ ՄԱԿ-ի ամպիոններէն… «Արամ  Հայկազի գրականութիւնը պատումի ոճը ապրող պարզ տիպարներու ներկայացում է եւ ոչ թէ  Կղէոպատրայի կամ Օգոստոս կայսեր մասին է», ընդգծեց Յակոբ Պալեան, որ շուրջ մէկ ժամ տեւած իր խօսքին մէջ առաւելաբար արծարծեց հայութեան ու յատկապէս հայ գրականութեան ցաւերը, իմա` ընթերցանութեան ու ազգային անցեալը պատկերացնող գրականութեան գծով հետաքրքրութեան պակասը, մասնաւորաբար նոր սերունդին մօտ:

«Արամ Հայկազի գրականութիւնը  կը պատմէ շարունակուող կեանքը, հոն կայ կեանքի աւիշը… Համեստութիւնը սրամտութեամբ կը դիմագրաւէ  ան: Կեանքէն վրէժ լուծելու թափով գրած է  ան: Առանց ճառ խօսելու  մարդկային «հիւմանիստ» ու սրամիտ «հիւմըր»-ով գրելու շնորհ ունէր ան: Անոր տիպարներուն ընդմէջէն կը նկատենք մարդը, հա՛յ մարդը, կեանքը ժպիտով դիմաւորելու տաղանդը», ընդգծեց Յակոբ Պալեան` հարց տալով, թէ ի՞նչ (գրականութիւն) պիտի պահենք ու կտակենք նոր սերունդին…

 

 

Share this Article
CATEGORIES